Հայկական մշակութային շաբաթ վիեթնամական «ANTG» հեռուստաալիքով

Յուլիս 14-ին վիեթնամական «ANTG» հեռուստաալիքով կը մեկնարկէ հայկական մշակութային շաբաթը` նուիրուած Հայաստանի եւ Վիեթնամի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 23-ամեակին:
Մշակութային շաբթուան ծիրէն ներս «ANTG» հեռուստաալիքով պիտի ցուցադրուի ՎՍՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Ռաիսա Վարդանեանի ելոյթը հայ-վիեթնամական յարաբերութիւններու զարգացման եւ անցած 23 տարիներուն ընթացքին երկկողմ յարաբերութիւններուն արձանագրուած ձեռքբերումներուն վերաբերեալ:
Մշակութային շաբթուան երաժշտական հատուածին մէջ պիտի ցուցադրուին Շարլ Ազնաւուրի, «KOHAR» սիմֆոնիկ նուագախումբի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի եւ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի համերգները: Առանձին հաղորդումով պիտի ներկայացուին Արամ Խաչատրեանի եւ Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները:
Մշակութային շաբթուան աւարտին պիտի ցուցադրուին «Հայաստան` Նոյի երկիր» եւ «Հռոմէն Աւելի Հին Մայրաքաղաքը» փաստավաւերագրական ֆիլմերը, ինչպէս նաեւ «Արտոյտներու ագարակը» գեղարուեստական ֆիլմը: