Պատերազմող, Բայց Երջանիկ Ինքնահռչակ Պետութիւն. The Daily Beast-ը Անդրադարձած Է ԼՂ-ին

Ամերիկեան The Daily Beast պարբերականն ուշագրաւ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղին` պատմելով պատերազմական իրավիճակին մէջ ծաղկող ժողովրդավարութեան ու սահմանային լարուած իրավիճակի մասին, կը գրէ Tert.am-ը:

«Մայրամուտի վարդագոյն շողերը կ՛իջնեն խաղաղ Ստեփանակերտի վրայ, որ ժամանակին անխնայ ռմբակոծուած ու աւիրուած է հայ-ատրպէյճանական պատերազմի ընթացքին: Թէեւ սահմանագիծին վրայ կրակոցները դեռ կը հնչեն, այնուհանդերձ ինքնահռչակ հանրապետութեան մայրաքաղաքը շատ խաղաղ է:

«Ստեփանակերտի մէջ տիրող հանդարտութիւնը նման է գերիրապաշտական (surrealistic) պատկերի` հաշուի առնելով Ղարաբաղի պատերազմական անցեալն ու ռազմականացուած ներկան:«Կովկասի կանաչապատ լեռներուն մէջ ծուարած Ղարաբաղը Արեւմուտքի մէջ բնակող հայկական սփիւռքի ջանքերով կանգնած է ծաղկուն ժողովրդավարութեան ճանապարհին: Թէեւ անիկա կը նախընտրէ կրաւորական դիտորդի դեր ստանձնել բարդ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու հարցով, այնուհանդերձ ԼՂ իշխանութիւնները կը գիտակցին, որ որեւէ քաղաքական անկայունութիւն ունակ է «արթնացնելու» Ատրպէյճանի հետ` շատոնց արդէն չննջող պատերազմը: Սակայն տեղացիները  աւերիչ պատերազմի կրկնութիւնը չեն ցանկանար:

«Ուստի, վտանգներով լի յեղափոխութիւններէ խուսափելու համար, Ստեփանակերտը կ՛անցնէ արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ: Փաստացի, Ստեփանակերտը կ՛ապացուցէ, որ կրնայ յաջող պայքար մղել նաեւ յետխորհրդային բոլոր երկիրներուն յատուկ կաշառակերութեան ու կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ»,- կը գրէ յօդուածագիր Աննա Նեմցովան:

 ԼՂ-ի մէջ գործարարներն ու ձեռնարկատէրերը գործնական առումով  իրենց աւելի ապահով կը զգան:

Հաճելիօրէն զարմացնող ժողովրդավարութեան ու կաշառակերութեան բացակայութեան թեմաներէն սահուն անցում կատարելով ԼՂ հակամարտութեան ու սահմանային գօտիի լարուած իրավիճակին` յօդուածագիրը կը նշէ, որ թէեւ զինադադարէն 2 տասնամեակ անցած է, այնուհանդերձ սահմանին  յաճախակի զոհեր կ՛ըլլան:

«Միակ բանը, որ ԼՂ  բնակիչները չեն հասկնար, անիկա է, թէ ինչո՞ւ իրենց ընկեր Ռուսիան ահռելի խմբաքանակով զէնք կը վաճառէ Ատրպէյճանին: Ինքնահռչակ պետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի խօսքերով, իրենք այդքան ալ մեծ օգնութեան չեն ստանար Ռուսիայէն: «Մեզ աւելի շատ ԱՄՆ-ն կ՛օգնէ»,-պաշտօնեայի խօսքերով կ՛եզրափակէ հեղինակը:

Scroll Up