Հալէպի Մէջ Բախումները Նուազած Են

Հայաշատ Հալէպի մէջ վերջին օրերուն միջադէպեր չեն արձանագրուած, իրավիճակը համեմատաբար աւելի հանգիստ է: Այս մասին «Արմէնփրես»-­ին տեղեկացուցած է Հալէպի իր աղբիւրը` նշելով, որ քանի որ բախումներով, պայթիւններով թէժ իրավիճակին վարժուած են արդէն, ներկայիս համեմատաբար հանգիստ վիճակը անսովոր է, պայթիւններու, կրակոցներու ձայները բաւական քիչցած են:

«Կը մաղթենք, որպէսզի անակնկալներ չըլլան եւ իրավիճակն այսպէս շարունակուի»,-­ նշած է աղբիւրը:

Ինչ կը վերաբերի քաղաքի ելեկտրականութեան ու ջուրի առկայութեան, աղբիւրը տեղեկացուցած է, որ ջուրը անկանոն կու գայ, իսկ ելեկտրականութիւնը արդէն երկու շաբաթէ ի վեր չէ վերականգնուած:

Հալէպ քաղաքը 2012-ի ամառուընէ ի վեր կառավարական ուժերու եւ զինուած տասնեակ խմբաւորումներու բախումներու թիրախ դարձած է: Բախումները այնտեղ մինչեւ այսօր կը շարունակուին: Քաղաքի արեւմտեան թաղամասերը կը գտնուին կառավարական ուժերու, իսկ արեւելեան թաղամասերը` զինուած խմբաւորումներու հսկողութեան տակ:

Scroll Up