Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութիւն Պիքֆայայի Մէջ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդին, թէ յառաջիկայ շաբաթ, 18 յուլիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութիւն պիտի կատարուի Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ:
Միւռոնի օրհնութիւնը պիտի կատարէ եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղէ մեր ժողովուրդին`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, եօթը տարին անգամ մը կատարուող սոյն հոգեպարար արարողութեան պիտի մասնակցին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ներկայացուցիչները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմակալ առաջնորդները եւ հոգեւորականաց դասը, ինչպէս նաեւ այլ եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր եւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանած ուխտաւորներուն հետ միասին, խուռներամ ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան եւ լեցուելու Սուրբ միւռոնի օրհնութեան խորհուրդով:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ