Թրքական գիւղին մէջ հայերէն եկած աւանդոյթով մթերքները քարանձաւներու մէջ կը պահեն

Թուրքիոյ Հաքքարի նահանգի Թաշպաշ գիւղի քարանձաւները այժմ կ’օգտագործուին որպէս բնական սառնարաններ: ermenihaber.am-ը կը գրէ, որ ըստ թրքական «sondakika» լրատուամիջոցի`գիւղի բնակիչ Այհան Թաշըն, կը նշէ, որ ամրան Հաքքարի մէջ ապրող շարք մը մարդիկ իրենց մթերքները տաքէն պաշտպանելու համար քարանձաւներու մէջ կը պահեն:
Ուշագրաւ է, որ Թաշըն, իր խօսքին մէջ ըսած է, որ մթերքները քարանձաւներու մէջ պահելու աւանդոյթը կու գայ հայերէն.
«Այս գիւղ 30 տարի առաջ տեղափոխուած ենք: Այդ ժամանակ այստեղ սառնարաններ չկային: Սկսանք մթերքները քարանձաւներու մէջ պահել: Այս մեթոտը մեր նախնիները այստեղ ապրող հայերէն սորված են: Հայերը այդպէս կ’ընէին»:
Բացի միրգէն եւ բանջարեղէնէն, գիւղի բնակիչները քարանձաւներուն մէջ կը պահեն կաթը, մածունը, պանիրը եւ այլ մթերքներ: