Տեղի ունեցաւ «Արի տուն» ծրագիրի 4-րդ փուլի բացումը

Յուլիս 13-ին տեղի ունեցաւ «Արի տուն» ծրագիրի 4-րդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

 Արիտունցիներուն ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` նշելով. «Սիրով եւ ջերմութեամբ ողջունում եմ ձեզ ձեր Հայրենիքում` Հայաստանի Հանրապետութիւնում: Սիրելի՛ պատանիներ եւ աղջիկներ, կատարուել է բոլորիդ երազանքը եւ դուք արդէն ձեր Հայրենիքում էք: Երկար տարիներ ձեզ պատմել են Հայաստանի, Արցախի մասին, եւ դուք, ունենալով տեսական գիտելիքներ, այսօր արդէն տեսնում էք այն ամէնը, ինչի մասին լսել էք: Այս օրերը ձեզ համար պէտք է դառնան միմեանց  եւ Հայրենիքը ճանաչելու օրեր: Դուք կ’այցելէք պատմամշակութային տարբեր վայրեր: Ամենակարեւորը` ձեռք կը բերէք նոր ընկերներ, նոր բարեկամներ եւ, ինչու՞ ոչ, նոր ընտանիք: Այս օրերի ընթացքում  դուք պէտք է խօսէք միայն հայերէն եւ աւելի կատարելագործէք ձեր հայերէն խօսքը»: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հիւրընկալ ընտանիքներուն, որոնք ստեղծած են բոլոր պայմանները երիտասարդներուն ընդունելու համար:

 Գերատեսչութեան ղեկավարը կարեւոր համարեց նաեւ ՀՀ տարբեր գերատեսչութիւններու, մարզային ու համայնքային կառոյցներու աջակցութիւնը «Արի տուն» ծրագիրին:

 Սփիւռքի նախարարը, աւանդոյթի համաձայն, ամենակրտսեր մասնակիցին` 13-ամեայ Արմէն Պալեանին (Յորդանան) հագցուց «Արի տուն» ծրագիրի տարբերանշանով շապիկն ու գլխարկը:

 «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցներուն ողջունեց Ջրվէժ համայնքի ղեկավար Ռոպերթ Պետրոսեան եւ նշեց, որ արդէն երկրորդ տարին է, որ կը  հիւրընկալեն Յորդանանի «Եուզպաշեան-Կիւլպէնկեան» վարժարանի սաները, իսկ այս տարի հիւրընկալած են 19 երիտասարդի:

 Ներկաներուն ողջունեց նաեւ Վանաձորի բանաստեղծութեան թատրոնի հիմնադիր ղեկավար Ջիւան Սարգսեան, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ժող-գործիքներ բաժինի ուսանողները` Արզաս Ոսկանեանի ղեկավարութեամբ:

 Ծրագիրի չորրորդ փուլին կը մասնակցի 153 երիտասարդ` աշխարհի 10 երկրէ. Ռուսաստանէն, ԱՄՆ-էն, Սուրիայէն, Վրաստանէն, Ուզպէկստանէն, Յորդանանէն, Ուքրանիայէն, Իրաքէն, Հոլանտայէն, Սպանիայէն:

 Ինչպէս նախորդ փուլերուն, այս փուլին եւս «Արի տուն»ը ունի 4-օրեայ ճամբարային ծրագիր` Ծաղկաձորի մէջ:

of6of7 of8of1of3of4 of5of9ff fff

Scroll Up