Կարինի մէջ հայամէտ կուսակցութեան օգտին քուէարկելու պատճառով ջրազրկած են ամբողջ թաղամաս մը
Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Կարինի (Էրզրում) թաղամասերէն մէկը ջրազրկուած է այն հարցէն յետոյ, երբ բնակիչները խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկած են հայամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան օգտին:
yerkir.am-ը կը գրէ, որ ըստ Demokrathaber-ի` ընտրութիւններէն անմիջապէս յետոյ Կարինի քաղաքապետարանը դադրեցուցած է ջուրի մատակարարումը թաղամասին: Բնակիչները ստիպուած են քիլոմեթրեր անցնիլ` ջուր կրելու համար: