Կիպրահայ Համայնքը Կ՝աջակցի Արցախի Մէջ Համակարգչային Գիտելիքներու Զարգացման
“Հայաստան” համահայկական հիմնադրամի Կիպրոսի տեղական մարմինին նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորումով՝ համակարգչային լսարաններ հիմնուած են Արցախի Քարվաճառի շրջանի հինգ համայնքային դպրոցներու մէջ` իւրաքանչիւրին նուիրաբերելով վեց համակարգիչ եւ անհրաժեշտ կահոյք:
Պետական միջոցներով ալ վերանորոգուած են սենեակները:
Ձեռնարկի շահառու դարձած է Քարվաճառ քաղաքի Վ. Սարոյեանի անուան, Նոր Վերին Շէն գիւղի Ջ. Ջլաւեանի անուան, Նոր Բրաջուր գիւղի Ս. Էրումեանների անուան, Նոր Գետաշէն գիւղի Վ. Նազարեանի անուան, Եղէգնուտ գիւղի Պ. Ղեւոնդեանի անուան միջնակարգ դպրոցներու շուրջ 300 աշակերտ: Եղէգնուտ համայնքի դպրոցի տնօրէն Ժորա Սարգսեանի խօսքով` երիտասարդներու կեանքը այսօր առանց համակարգիչի դժուար է պատկերացնել, յատկապէս ուսման ոլորտին մէջ:
Հիմնադրամի Կիպրոսի տեղական մարմինի ատենապետ Սեպուհ Դաւիթեան ուրախ է, որ իրենց փոքրաթիւ համայնքը նոյնպէս կրցաւ օժանադակել արցախցի պատանիներուն: “Վստահ եմ, որ խնամքով կը գործածեն մեր նուէրները եւ կը խորացնեն իրենց համակարգչային գիտելիքները եւ հմտութիւնները”,- իր ուրախութիւնը արտայայտած է ատենապետը: