«Ովասիս 2015» Ամառնային Ծրագիրի Բացումը
6 Յուլիս 2015-ի առաւօտուն խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի «Ովասիս» ամառնային ծրագիրին բացումը` ներկայութեամբ 235 մասնակիցներու եւ անոնց ծնողներուն:
Բացման առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, Մեսրոպեանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ վստահութիւն յայտնեց, որ ինչպէս անցեալ 16 տարիներուն, այս անգամ եւս «Ովասիս»-ը լիուլի պիտի գոհացնէ ուրախ ամառնային ժամանց վայելելու մասնակիցներուն ակնկալութիւնը: Ան կոչ ուղղեց մասնակից մանուկներուն եւ պատանիներուն, որ «Ովասիս»-ի շրջապատին մէջ իրարու հետ հաղորդակցին միայն ու միայն հայերէնով, կարելի եղածին չափ անսխալ եւ անխաթար, եւ այդպիսով արտայայտեն իրենց յարգանքը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին:
Ծանօթ է, որ «Ովասիս»-ը դաստիարակչական ժամանցի ծրագիր է, ուղղուած` 3-16 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու: Անիկա 17-րդ տարին ըլլալով կ՛ապահովէ ամառնային արձակուրդի հաճելի եւ օգտակար միջավայր` Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եւ արտասահմանէն ժամանած հայ մանուկներու եւ պատանիներու համար: Ցարդ «Ովասիս»-ին մասնակցած է 3175 հոգի. այս տարի մասնակիցները ըստ տարիքի բաժնուած են երկու խումբերու` «Փոքր Մասիս» եւ «Մեծ Մասիս», որոնք իրենց հերթին ունին խմբակներ` հայկական գաւառներու եւ քաղաքներու անուններով:
«Ովասիս 2015»-ը պիտի տեւէ մինչեւ 28 Օգոստոս եւ եզրափակուի աւանդական հանդէսով: Ովասիսական օրը կը սկսի առաւօտեան ժամը 8:30-ին եւ կ՛աւարտի կէսօրուան ժամը 2:00-ին: Այս տարուան ծրագիրին մէջ ներառուած են ձեռային աշխատանքներ, նկարչութիւն, կաւագործութիւն, համակարգիչ, շարժանիւթի ցուցադրութիւն, ֆութպոլ, պասքեթպոլ, թենիս, մարտարուեստ, հեծանիւ, աճպարարութիւն, խամաճիկ, դաստիարակչական խաղեր, կրօնագիտութիւն, ամառնային պարտականութիւն, պտոյտներ եւ մարզական օր: Իբրեւ ամէնէն հետաքրքրական նորութիւն, ովասիսականներուն պիտի ուսուցանուի քարթունզ նկարչութիւն, ղեկավարութեամբ` բազմատաղանդ եւ հանրայայտ արուեստագէտ Կիլպըրթ Սայմընի:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ