««Արեւիկ»-ի շողերը» համերգային ծրագիրը` ամառնային նուէր սուրիահայ մանուկներուն

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, Հայաստանի Հանրային ռատիօն եւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնը ամառնային նուէր պատրաստած են սուրիահայ մանուկներուն համար:
Յուլիս 10-ին, ժամը 19:00-ին, Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական պետական թատրոնին մէջ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի Հանրային ռատիօյի«Արեւիկ» մանկական խումբի (գեղ. ղեկ.` Վահէ Հայրապետեան) ««Արեւիկ»-ի շողերը» համերգը:
Ելոյթ կ’ունենան նաեւ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագիտուհի Նունէ Եսայեան, Երեւանի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ երիտասարդաց միութեան «Ովսաննա» երգչախումբը (խմբավար` Շահէ Քեշիշեան) եւ սուրիահայ մանուկներ: