Գըրգ Գըրգորեանի «Թրասինտա»ն Կը Ձեռնարկէ Ցեղասպանութեան Թեմայով Շարժապատկերի Պատրսատութեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/07/0000PROMISE.jpg)
Նոր մահացած միլիառատէր Գըրգ Գըրգորեանի «Թրասինտա» ընկերութիւնը իր կողքին ստեղծած է «Սըրվայվըլ Փիքչըրզ» (Վերապրումի ժապաւէններ) անունով մէկ այլ ընկերութիւն, որուն առաջին ձեռնարկը պիտի ըլլայ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ «Խոստումը» վերնագրուած եւ Քրիսչըն Պէյլի գլխաւոր դերակատարութեամբ շարժապատկերի մը պատրաստութիւնը:
«Վըրայիթի» այս տեղեկութիւնը քաղած է Գըրգորեանի իրաւաբան եւ խօսնակ Փըթրիշա Կլէյսըրէն, կը հայտնէ «Ասպարէզ»:
««Սըրվայվըլ Փիքչըրզ» ընկերութիւնը ծնունդ առած է Գըրգ Գըրգորեանի անկոտրում յանձնառութենէն՝ միջազգային հանրութեան ներկայացնելու ներշնչող մարդկային պատմութիւններ:
«Խոստումը» հրաշալի սիրոյ պատմութիւն մըն է, որ դռներ պիտի բանայ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին: Այս շարժապատկերը պիտի գայ իրականացնելու Գըրգ Գըրգորեանի երկարամեայ երազը. ինք մեծ բաւարարութեամբ անձնապէս փարած էր ֆիլմի նախապատրաստական եւ դերասաններու ընտրութեան գործին», յայտնած է Կլէյսըր :
«Վըրայիթի»ի վկայութեամբ, «Սըրվայվըլ» պիտի ներկայացնէ «մարդկային ոգիի անշէջ կրակի, մարդկային դիմադրականութեան պատումներ»:
«Վըրայիթի» նաեւ կը յայտնէ, որ «Խոստումը» ժապաւէնի ծախսերը պիտի հոգայ «Սըրվայվըլ» ընկերութիւնը՝ տնօրինութեամբ Էրիք Էսրայէլեանի եւ Անթընի Մանտեքիսի: «Հոթել Ռուանտա» ֆիլմի բեմադրիչ Թերի Ճորճի եւ Ռապին Սուքորտի կողմէ գրուած պատմութիւնը կը սկսի Օսմանեան կայսրութեան մայրամուտի օրերուն: Աշնան ծրագրուած նկարահանումները պիտի կատարուին Փորթուկալի եւ Քանարի Կղզիներուն մէջ:
Ֆիլմը սիրոյ պատմութիւն մըն է, որուն մէջ բռնուած են բժշկութեան ուսանող մը, Փարիզի մէջ աշխատող ամերիկացի լրագրող մը եւ գեղեցիկ կին մը: Քրիսչըն Պէյլ պիտի խաղայ լրագրողին դերը: