Թուրքիոյ մէջ հայ պատգամաւորներուն համերաշխութիւն յայտնած են թուրք մտաւորականները

Վերջին օրերուն Թուրքիոյ մէջ ազգայնամոլական շրջանակներու կողմէ հայ պատգամաւորներուն եւ հայ արուեստագէտներուն նկատմամբ վիրաւորական եւ ռասիստական յայտարարութիւններուն դէմ  դուրս եկած են թուրք յառաջադէմ մտաւորականները, կը գրէ Artsakhpress-ը:

Թրքական Gercekgundem կայքի փոխանցմամբ` «Անգարայի մտքի ազատութեան» նախաձեռնութեան կողմէ յայտարարութիւն  տարածուած է, որ խիստ քննադատութիւն  հնչեցուած է վերջին շրջանին «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան  շարք մը քաղաքապետներու կողմէ հայ պատգամաւորներուն եւ համերգներով Թուրքիա մեկնած հայ երաժիշտ Տիգրան Համասեանի հասցէին վիրաւորական ու սպառնալից յայտարարութիւններու կապակցութեամբ:

«Անգարայի մտքի ազատութեան» նախաձեռնութեան կողմէ եղած յայտարարութեան տակ ստորագրած են մօտ երկու հարիւր թուրք մտաւորական, արուեստագէտ, իրաւաբան եւ քաղաքական գործիչ:

Նշենք, որ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան անդամ, Ատանայի քաղաքապետը վիրաւորած էր խորհրդարան մտած հայ պատգամաւորներուն` փորձելով խաղարկել Թուրքիոյ մէջ հասարակաց տուներու ցանցերու նախկին սեփականատէր Մաթիլտա Մանուկեանի անունը, իսկ Կարսի քաղաքապետը խիստ զայրացած էր այն հանգամանքէն, որ հայ երաժիշտը Անիի մէջ համերգով հանդէս եկած է:

Scroll Up