Առաջին անգամ.. Հայոց ջարդերէն նկարահանուած հատուածներ

Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ «Յայտնաբերուած ֆիլմերու» Փառատօնի ռահվիրաները կ’ակնկալեն, ցուցադրել հազուագիւտ հատուածներ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու մասին, որ տեղի ունեցած է Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին: “Հայերն Այսօր”-ի տեղեկացմամբ այս մասին կը յայտնէ Եգիպտական “Ալ Ճումհուրիէ” թերթը։

Հայոց ցեղասպանութեան իրաադարձութեան վերաբերալ առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի հատուածներ ֆիլմի տեսքով, մինչեւ վերջերս կը կարծուէր, որ ցեղասպանութեան լուսաբանումը սահմանաբակուած էր լուսանկարներով: Փառատօնի կազմակերպիչները ֆիլմի հատուածները ձեռք բերած են ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի գրադարանէն:

Կը նշուի, որ այդ ֆիլմերուն մէջ են, «Պատիւ»ը արտադրուած 1925թ.ին, որ կը համարուի առաջին հայերէն ֆիլմը, եւ 4 վայրկեան «Հայաստան քաղաքակրթութեան օրրան» ֆիլմէն, որ նկարահանուած է Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք:

Նաեւ պիտի ցուցադրուի 5 վայրկեաննոց ֆիլմ, Եգիպտոսի մէջ փախստական հայերու մասին, զոր նկարահանած է ֆրանսական բանակը:

Փառատօնի պատասխանատուներէն` Մարիան Լուինսքին ըսած է, այս «հրաշքի» նման հատուածները գտած է համացանցի վրայ պրպտումներու հետեւանքով:

Յօդուածի աւարտին կայքին մէջ կը գրուի, որ Թուրքիան տակաւին կը հերքէ մէկուկէս միլիոն հայերու սպանութիւնը, որ կը համարուի ցեղասպանութիւն, եւ առ ի հետեւանք անհամաձայնութիւնը կը շարունակուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ:

Scroll Up