Կաթողիկէ Հաղորդամիջոցներու Եպիսկոպոսական Յանձնախումբը Պարգեւատրեց Սարգիս Նաճարեանը

Տեղեկատուութեան կաթողիկէ կեդրոնին տարեկան ճաշկերոյթը այս տարի յատուկ հանդիսաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 3 յուլիս 2015-ի, երեկոյեան «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդի նախագահ կարտինալ Պշարա Ռայիի եւ ներկայութեամբ ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբի նախագահ, մարոնիներու Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին, ինչպէս նաեւ տարբեր համայնքապետերու, պապական նուիրակ Կապրիել Քաչիա եպիսկոպոսին, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժի, Լիբանանի խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի, լիբանանեան հաղորդամիջոցներու պատասխանատուներու եւ բազմաթիւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններու:
Նախքան երեկոյին պաշտօնական յայտագիրին գործադրութիւնը, ներկաները հրաւիրուեցան յոտնկայս յարգելու Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց երանաշնորհ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին յիշատակը: Այնուհետեւ յաջորդաբար խօսք առնելով` տեղեկատուութեան կաթողիկէ կեդրոնի տնօրէն հայր Ապտօ Պու Քասմ, Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը եւ կարտինալ Ռայի` վեր առին մամուլին, հաղորդամիջոցներու եւ լրագրողներու աշխատանքին կարեւորութիւնը հասարակութիւնը իրազեկելու եւ զայն ճշմարտութեան հաղորդակից դարձնելու ուղղութեամբ:
Այնուհետեւ տեսերիզով ներկայացուեցան վեց հաղորդամիջոցներ եւ լրագրողներ` հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատուութեան խորհրդական Ռաֆիք Շլելա, հայր Եուսէֆ Մուաննէս, Եուսեֆ Աշքար, Քլոտ Ապու Նատեր-Հինտի, Սարգիս Նաճարեան, Հապիպ Շլուք եւ, Թելէ Լիւմիեր, որոնք կարտինալ Պշարա Ռայիի եւ ներկայ պատրիարքներուն ու պապական նուիրակին ձեռամբ պարգեւատրուեցան Ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբին եւ Տեղեկատուութեան կաթողիկէ կեդրոնին յուշատախտակներով:
Այս մասին յայտնած է Ազդակ: