Ֆրանսայի վարչապետ. Պէտք է պայքարիլ բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը փորձեն ժխտել Ցեղասպանութիւնը

Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս Յուլիս 4-ին վերահաստատած  է կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` պայքարելու Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ. այս մասին, «Ֆրանս փրէնս» գործակալութեան յղումով կը տեղեկացնէ  «Nouvelles d’Armռnie»-ն:

«Հայաստան ցեղասպանութեան ենթարկուած, ատոր զոհ դարձած երկիր է: Ֆրանսան օրէնքի ուժով ճանչցած է այդ փաստը: Այժմ այն պէտք է ամրագրել պատմութեան իրողութեան մէջ եւ պայքարիլ բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը փորձեն ժխտել Ցեղասպանութիւնը»,- յայտարարած է Մանուէլ Վալս:

Ֆրանսան 2001թ. օրէնքի ուժով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

2012 թ. Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը չեղեալ համարեց երկրի խորհրդարանի կողմէ վաւերացուած` Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակային հերքման քրէականացման մասին օրէնքը:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Յուլիս 3-ին Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Գլոտ Պարտոլոնի հետ հանդիպման ընթացքին երախտագիտութիւն  յայտնած է Ֆրանսայի իշխանութիւններուն` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդի համար:

Scroll Up