Սթամպուլի Մէջ Քայլերթ Տեղի Ունեցած Է «Արմէն» Ճամբարը Հայ Համայնքին Վերադարձնելու Պահանջով

Սթամպուլի Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող հայկական մանկատան «Արմէն» ճամբարը հայ համայնքին վերադարձնելու պահանջով քայլերթ մը կազմակերպուած է: Քայլերթը սկսած  է Թուզլայի ափամերձ շրջանէն եւ աւարտած է ճամբարի տարածքին մէջ, կը գրէ «Էրմէնի հապեր»-ը:

Թրքական «Radikal» լրատուական կայքի տեղեկցմամբ` քայլերթին մասնակցած է 500 հոգի, որոնց հետ 3քմ. ճաապարհը անցած են ընդդիմադիր «Ժողովրդա-հանրապետական» կուսակցութեան (CHP-ԺՀԿ) պատգամաւորներ  Պարըշ Եարքատաշը եւ Օնուրսալ Ատըլիւզելը:

Քայլերթէն ետք ճամբարին մէջ հաւաքուած մասնակիցները յայտարարութիւն մը ըրած են: Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներու անունէն ելոյթ ունեցած երիտասարտները պահանջած են ճամբարը վերադարձնել հայ համայնքին: Ելոյթ ունեցած է նաեւ ԺՀԿ պատգամաւոր Եարքատաշը` ըսելով, թէ ԺՀԿ-ն հայ ժողովուրդին բարեկամն է, ան միշտ տուժողներու կողիքին է եւ թոյլ պիտի չտայ, որ որեւէ մէկը տուժէ:

Ան իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը (AKP-ազկ) մեղադրած է խորհրդարանական  ընտրութիւններէն առաջ  ճամբարը հայերուն վերադարձնելու պատրանք ստեղծելուն մէջ: «ԱԶԿ-ն ընտրութիւններէն առաջ տպաւորութիւն ստեղծած էր, թէ այս վայրը հայերուն կու տայ,  կը կանխէ իրաւունքներու ոտնահարումը: Մինչդեռ այսօր կ՛երեւի, որ այս վայրը իրենց կողմնակիցներներուն կ՛ուզեն յանձնել»,- ըսած է ընդդիմադիր պատգամաւորը: Ան ընդգծած է, որ ճամբարի իրական տէրերը «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրադ Տինքի ընկերներն են, իսկ ճամբարը Հրանդի ժառանգութիւնն է, որ թողած է երիտասարդներուն:

«Այս ժառանգութիւնը հարկաւոր է իրական տէրերուն յանձնել եւ կանխել իրաւունքի ոտնահարումը»,- յայտարարած է Եարքատաշը` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովին մէջ (ԹԱՄԺ-TBMM) պիտի պայքարին իրաւունքներու ոտնահարման դէմ եւ պիտի հետեւին ճամբարի շուրջ ընթացող զարգացումներուն:

Scroll Up