Սուրիահայերու իսկական կամքն ու փափաքը հայրենիք հաստատուիլն է…

Սուրիական քառամեայ պատերազմի հետեւանքով մեծապէս տուժեց սուրիահայ գաղութը։ Գրեթէ ամբողջապէս հայաթափ եղան գիւղական շրջանները՝ Թէլ Ապիատը, Ռասուլ Այնը, Եագուպիէն, կարգ մը այլ բնակավայրեր՝ Րագգան, Տէր Զօրը, Հասիչէն, Հոմսը։ Գամիշլիի գաղութը մեծապէս նօսրացաւ։ Հալէպի ծայրամասային թաղերը լրիւ հայաթափ եղան, նոյնպէս Դամասկոսը։ Տասնեակ հազարաւոր հայեր հեռացան Սուրիայէն, ուրիշներ եկան նոր կայք փնտռելու Սուրիոյ ծովափնեայ քաղաքներուն՝ Թարթուսի, Պանիասի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ։ Քեսապի շրջանը եռամսեայ հայաթափումէ ետք,  2014 Յունիսին ազատագրուեցաւ։ Քեսապցիները վերադարձան իրենց տուն ու տեղին։

Հակառակ ամէն դժուարութեան, երեք համայնքներու Հալէպի եւ Դամասկոսի թեմական իշխանութիւնները կը գործեն ու կը փորձեն Սուրիա մնացած հայութեան հոգեւոր ու կրթական կեանքը կազմակերպել, մարդասիրական աշխատանքններու ձեռք մեկնել, հովանաւորել։ Սակայն այնուամեանայնիւ՝ արտագաղթը կը շարունակուի։

Սուրիայէն դուրս ելլող հայութեան մէկ փոքրիկ տոկոսը քաղաքացիութիւն ունենալով կամ իբրեւ գաղթական ընդունուելով կրցաւ անցնիլ Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Եւրոպա կամ առժամեայ աշխատանքային կեցութիւն ապահովեց Արաբական ծոցի եւ այլ երկիրներուն մէջ։ Ոմանք փախստականի կարգով ոտք դրին հիւսիսային Եւրոպայի երկիրներ։ Ջախջախից մեծամասնութիւնը հոսեցաւ Լիբանան ու Հայաստան։ Երկրէն դուրս գալու եւ տարբեր երկիրներու մէջ գործ ու կայք փնտռելու գործին մէջ նպաստեց Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեամբ օժտուած ըլլալու փաստը։ Ասիկա բարիք մըն էր, որ եկաւ մեր անկախ երկիր ունենալու փաստէն։

Սուրիահայ գաղթականութեան գէթ կէսը ապաստանեցաւ Հայաստան, ոմանք անմիջապէս, իսկ ուրիշներ մէկ երկու տարի ետք, երբ անհեռանկարային եղաւ Սուրիա վերադանալու հնարաւորութիւնը։  Հայաստանէն ետք ուրիշ երկիր տեղափոխուելու հարցը շատերու համար անցանկալի ըլլալով հանդերձ անխուսափելի է, կապուած աշխատանքային եւ նիւթական պայմաններու անբաւարարուածութեամբ։ Հայաստանի Հանրապետութեան ու գաղթականներու միջազգային ընկերութիւններու ցուցաբերած մարդասիրական օգնութիւնը կը նպաստէ, որ հարցերը կամաց-կամաց հարթուին, բայց կը թուի, թէ շատերու համար բաւարար աշխատանք եւ սեփական բնակարան ունենալը կարելի պիտի չըլլայ։ Երկու պարագաներ, որ մարդը կը կապեն իր սիրած միջավայրին։

Սակայն այստեղ տեղին է յիշել, որ անկախ ամէն տեսակի դժուարութիւններէ, սուրիահայերու իսկական կամքն ու փափաքը հայրենիք հաստատուիլն է, անոնք ոչ մէկ ջանք կը խնայեն իրենց ապրուստը ապահովելու, ընտանիքի մաս կազմող բոլոր անդամները, իրենց հերթին կը մասնակցին նիւթական եկամուտի ապահովման: Համալսարանական ուսանող սուրիահայ երիտասարդութեան մեծ տոկոսը, ուսման կողքին տարբեր տեսակի աշխատանքներով կը զբաղուին, սուրիահայ կանայք, որ մինչ այդ մեծամասնութեամբ տանտիկիններ էին, իրենց տնային աշխատանքի վարպետութիւնը  կը վերածեն արտատնային եկամտաբեր աշխատանքի: Սուրիոյ մէջ գործող միութիւնները, հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները նոր մասնաճիւղեր կը հիմնեն հայրենիքի մէջ, հարազատ մթնոլորտ ապահովելու հայրենիք հաստատուող սուրիահայութեան: Նիւթապէս ապահով սուրիահայ անհատներու ուժերով եւ նախաձեռնութեամբ կը ստեղծուի նաեւ նոր բարեսիրական կազմակերպութիւն՝ «Հալէպ» անունով, որու շուրջ կը համախմբուին սուրիահայ նուիրեալ տիկիններու եւ կամաւոր երիտասարդութեան մեծ թիւ մը, նպատակ ունենալով օգնութեան ձեռք մեկնել իրենց կարիքաւոր հայրենակիցներուն, սատարել անոնց կենցաղային պայմաններու բարելաւման եւ հայրենիքի մէջ կայք հաստատալու հնարաւորութիւննրու ստեղծման:

asankanank.com

11292006_10153193084083153_1219654945_n (1)Սիրիա2

Scroll Up