Շնորհակալական Այցելութիւն` Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Պատրիարքական կառավարիչ Գրիգոր եպիս. Կապրոյեան` ընկերակցութեամբ Պետրոս արք. Միրիաթեան, Յովհաննէս  եպս. Թէյրուզեան,  Միքայէլ եպս. Մուրատեան, Գրիգոր Օգոստինոս  եպս. Գուսան, Մանուէլ եպս. Պաթաքեան արհիապատիւ հայրերուն եւ գերապատիւ Վարդան վրդ. Գազանճեանի, հինգշաբթի, 2 յուլիս 2015-ի կէսօրին շնորհակալական  այցելութիւն մը տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի կաթողիկոսարան: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր նաեւ նախկին նախարար Ժաք Չուխատարեան:

Աւելի քան կէս ժամ տեւած այցելութիւնը ընթացաւ եղբայրական ջերմ մթնոլորտի ներքեւ: Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս իր ցաւակցութիւնը յայտնելէ ետք, անդրադառնալով հոգեւոր տիրոջ հետ ունեցած վերջին հանդիպումներուն` մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ, ըսաւ, թէ իրեն համար անակնկալ էր հոգեւոր տիրոջ վախճանումը: Գերապայծառ Կապրոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` երջանկայիշատակ կաթողիկոս պատրիարքին յուղարկաւորութեան անձամբ մասնակցութեան համար:

Այնուհետեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց ազգային, լիբանանեան եւ  եկեղեցական հարցեր: Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր տաճարին մէջ 12 ապրիլին մատուցուած պատարագին եւ պատմական այդ իրադարձութեան նախորդող  օրերուն երջանկայիշատակ հոգեւոր տիրոջ հետ ունեցած հանդիպումներուն:  Ապա գերապայծառ Պաթագեան յիշեց այս ամիս Պիքֆայայի վանքին մէջ տեղի ունենալիք միւռոնօրհնէքի հրաւէրը, զոր երանաշնորհ հոգեւոր տէրը ստացած էր  վեհափառ հայրապետէն: Գերապայծառը  հրաւէրին համար շնորհակալութիւն յայտնելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, փոխանցեց երջանկայիշատակ հոգեւոր տիրոջ մեծ ուրախութիւնը, երբ ստացած էր հրաւէրը եւ անոր պատրաստակամութիւնը ամպայման մասնակցելու միւռոնօրհնէքին:

Եղբայրական այս հանդիպումի աւարտին, նախքան յիշատակի լուսանկարումը, վեհափառ հայրապետը  յաջողութիւն մաղթեց սիւնհոդոսական հայրերուն` յոյս յայտնելով, որ շուտով ընտրուի նոր պատրիարքը, որպէսզի կարենայ մասնակցիլ միւռոնօրհնէքին:

Scroll Up