Վարչապետը ընդունած է սփիւռքահայ ներդրողները
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան այսօր ընդունած է Հայկական բարեգործական
ընդհանուր միութեան Մարսէլի մասնաճիւղի ղեկավար Փաթրիկ Մալաքեանը եւ
Real Estate ներդրումային ընկերութեան նախագահ Ռեմի Մակինաճեանը: Ըստ
կառավարութեան հաղորդագրութեան` հիւրերը վարչապետին ներկայացուցած են Հայաստանի մէջ ծառայութիւններու մատուցման ոլորտին մէջ նախատեսուող լայնածաւալ
ներդրումային ծրագիրները: Ատոնց արդիւնքով կը նախատեսուի աշխարհահռչակ
շարք մը ապրանքանիշերու ներկայացուցչութիւններուն ներգրաւել հայաստանեան
շուկայ, կառուցել սպասարկման կառոյցներ եւ այլն:
Յովիկ Աբրահամեան ողջունած է սփիւռքահայ գործիչներու` հայրենիքի մէջ
ներդրումներ կատարելու նախաձեռնութիւնը եւ յայտնած կառավարութեան
աջակցութիւնը ատոնց իրականացման գործին մէջ: