Երաժշտական-Պարային Երեկոյ Յունաստանի «Տորա Սթրաթու» Թատերասրահէն Ներս

«Անոնք յաջողեցան ապրիլ, պարել ու երգել…»

Երեքշաբթի՝ 30 Յունիսի երեկոյեան ժամը 8-ին, Աքրոփոլիսի յարակցութեամբ գտնուող «Տորա Սթրաթու» աւանդական ու ազգագրական պարերու բացօթեայ թատրոնի բեմին վրայ տեղի ունեցաւ երաժշտական¬պարային երեկոյ, կազմակերպութեամբ Փիրէայի Պարի Միջազգային խորհուրդի եւ հելլէն աւանդական պարերու «Տորա Սթրաթու» թատրոնի։

Ելոյթին՝ յոյն պաշտօնական անձնաւորութիւններու շարքին յատուկ հրաւէրով ներկայ եղաւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը։ Ներկայ եղան նաեւ Ատիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի անդամներ, համազգայնականներ, ծնողներ։

Յայտագրի կորիզը կը կազմէր՝ Փոքր Ասիական, Պոնտական, Կապատովկիական, Թրակիոյ, Իզմիրի եւ յունական ազգագրական միութիւններու երգի ու պարի խումբեր։ Թատերական ներկայացումներ նաեւ հայերու կեանքին ու ցեղասպանութեան վերաբերեալ՝ «Անոնք յաջողեցան ապրիլ, պարել ու երգել» ընդհանուր բնաբանին ներքոյ։

Օրուան յունալեզու յայտագրին մէջ բաժին յատկացուած էր Համազգայինի  ու իր պարախումբին համար։
Դժբախտաբար, անակնկալ անձրեւի պատճառով, գեղարուեստական յայտագիրը իր աւարտին չհասաւ։

Յունաստանի Համազգայինի թղթակից

Scroll Up