ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 40-րդ Մարզախաղերը՝ Այսօր
Երկար ամիսներու տքնաջան աշխատանքէ ետք, այսօր Հինգշաբթի, 2 Յուլիսի յետմիջօրէին, հանգամանօրէն սկիզբ կ՛առնէ ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղերու եզրափակիչ փուլը:
Շրջանի ՀՄԸՄ-ի ամբողջ ընտանիքը համախմբուած է, անգամ մը եւս փաստելու, թէ ինք միակամ է եւ պահապանը՝ հայ երիտասարդութեան: Միակամ է իր սկաուտական, մարզական եւ կամաւորներու բազմահարիւր անդամներով, իր կողքին ունենալով շրջանի հայութիւնը, որուն յոյս եւ հաւատք կը ներշնչէ:
Այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Շրջանային վարչութիւնը 2015 տարեշրջանի իր բոլոր աշխատանքները նուիրած է մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու անմար յիշատակին: Նաւասարդեան մարզախաղերը անմասն չեն մնար այս որոշումէն, որուն մասնակից իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ական իր տարազին վրայ կը կրէ համապատասխան խորհրդանիշը:
Այսօր, մարզական բազմաթիւ ու բազմազան մրցումներուն առընթեր, Պըրմինկհամ Հայ սքուլի (17000 Haynes St., LA) շրջափակէն ներս, կէսօրէն ետք ժամը 4ին, իր դռները կը բանայ Նաւասարդեան չորսօրեայ փառատօնը: Փառատօնի յանձնախումբի նախաձեռնած մշակութային այս նախաձեռնութիւնը անկասկած իր դրական արձագանգը պիտի ձգէ շրջանէն ներս, հմայելով բազմահազար համակիրներ եւ ՀՄԸՄականներ: Մանուկները եւս պիտի ունենան իրենց ձեռային աշխատանքի անկիւնը, ուր մերթ ընդ մերթ պիտի այցելէ նաեւ զուարճալի միմոսը (clown):
Մասնաճիւղերու պատրաստած համադամ ճաշերուն եւ շրջանի առեւտրական հետաքրքրական կրպակներուն առընթեր, պիտի գործադրուի գեղարուեստական ճոխ յայտագիր՝ շրջանի սիրուած արուեստագէտներու մասնակցութեամբ: Փառատօնի կազմակերպման դժուար այս աշխատանքը տարիներէ ի վեր կը կատարէ ծանօթ ՀՄԸՄ-ական Սիւզի Իբէկեան-Մինոյեան: Այսպէս՝
– Հինգշաբթի, 2 Յուլիսին, Նաւասարդեան փառատօնի բացումը պիտի կատարուի կէսօրէն ետք ժամը 4-ին: Յայտագիրին պիտի մասնակցին սիրուած երգիչներ Գառնիկ Սարգիսեան, Տիգրան Ասատրեան, Ուշացանք եւ Կրին Քարթ նուագախումբերը: Ժամը 9:30ին, տեղի պիտի ունենայ հրավառութիւն:
– Ուրբաթ, 3 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 8ին, յայտագիրին պիտի մասնակցին Վագօ Չոլագեան, Վարդան Յակոբ, Յարութ Յակոբեան, Արնօ Մկրտչեան, Արշամ Պապէլեան եւ Վաչէ Յակոբեան:
Նոյն գիշեր, «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Նաւասարդեանի Յաղթանակի պարահանդէսը, որուն ընթացքին Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը պաշտօնապէս պիտի ստանձնեն ՀՄԸՄականներ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները: Նոյն ձեռնարկին նաեւ ճանաչում պիտի տրուի «Տիպար ՀՄԸՄական-2015»ին, որուն արժանացած է վաստակաշատ ՀՄԸՄական Ժիրայր Սարգիսեան:
– Շաբաթ, 4 Յուլիին՝ երեկոյեան ժամը 8-ին, յայտագրին մաս պիտի կազմեն Յարութ Փամպուքճեան, Հրաչ Պողարեան, Մաքսիմ, Արթին Պետրոսեան եւ Գէորգ Արթինեան:
– Կիրակի, 5 Յուլիսին՝ Պըրմինկհամի շրջափակին մէջ իրագործուող պասքեթպոլի, ֆութպոլի, վոլիպոլի, փինկ-փոնկի եւ ճատրակի մրցումներուն առընթեր, փառատօնը բաց պիտի մնայ ամբողջ օրը:
Կէսօրէն ետք ժամը ճիշդ 5-ին, սկիզբ պիտի առնէ Նաւասարդեան մարզախաղերու փակման հանդիսութիւնը, Պըրմինկհամ Հայ սքուլի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ: Դրօշակի արարողութիւնը պիտի կատարէ սկաուտական բաժանմունքի դրօշակակիրներու խումբը: Ուրախալի է, որ փակման հանդիսութեան դրօշակի արարողութիւնն ու շքերթը պիտի առաջնորդէ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան նուագախումբը: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, տողանցող մասնաճիւղերու բոլոր անդամները անխտիր պիտի հագնին «Կը յիշեմ, կը պահանջեմ» կարգախօսը կրող շապիկներ՝ առ ի յարգանք մեր մէկուկէս միլիոն անմեռ նահատակներուն: Պիտի տողանցէ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը ինքնավստահ պահանջատիրութեամբ, անգամ մը եւս աշխարհին յայտնելու, թէ հաստատակամ հայը ոչ միայն կը յիշէ իր նահատակները, այլ նաեւ կը պահանջէ իր Դատի արդար լուծումը:
Փակման հանդիսութենէն ետք, Նաւասարդեան ուրախ մթնոլորտը պիտի շարունակուի փառատօնի շրջափակէն ներս: Յայտագիրին մաս պիտի կազմեն Ժոզէֆ Գրիգորեան, Սագօ Ղազարոսեան, Սահակ Սիսլեան, Անթուան Պէզճեան եւ Յովիկ Գրիգորեան: Ժամը 9:30ին, տեղի պիտի ունենայ հրավառութիւն:
Միաժամանակ, վարժարանի գլխաւոր մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենան մանչերու եւ աղջիկներու պասքէթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները:
Մանրամասնութիւններու համար կարելի է դիմել ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ հեռաձայնելով (323) 344-4300 թիւին կամ դիմելով Navasartian.com կայքին:
2-5 Յուլիս, բոլորիս ժամադրավայրը Պըրմինկհամ Հայ սքուլը թող ըլլայ:
Մարօ Քէշիշեան «Ասպարէզ»