ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց վիրաբոյժ Ագիրա Իշիյամայի, Սալբի Ագարակեանի եւ Արթուր Շուքուրեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/07/s1.jpg)
Յուլիս 1-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ԱՄՆ-ի UCLA համալսարանի գլխու եւ պարանոցի վիրաբուժութեան բաժանմունքի ղեկավար ճափոնցի Ագիրա Իշիյամայի, համալսարանի բուժքոյրական բաժինի եւ միջազգային կապերու տնօրէն եւ AIMF-ի նախագահ Սալբի Ագարակեանի եւ «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնի քիթ-կոկորդ-ականջ հիւանդութիւններու բաժինի վարիչ Արթուր Շուքուրեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Մասնագէտները «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնին մէջ իրականացուցած են խխունջային ներպատուասմամբ վիրահատութիւններ, որուն շնորհիւ մեծ թիւով երեխաներ եւ մեծահասակներ ձեռք բերած են լսելու եւ խօսելու ունակութիւն` յարմարելով հասարակութեան:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ճափոնցի մասնագէտ Ագիրա Իշիյամային` իր ժամանակն ու ջանքերը` նախ հայ մանուկներուն բուժելու, ապա հայ մասնագէտներուն նման փորձի փոխանակման հրաշալի հնարաւորութիւն ընձեռելու համար:
Գերատեսչութեան ղեկավարը Ագիրա Իշիյամային պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալով:
Շնորհակալութիւն յայտնելով արժանացած պարգեւի համար` ճափոնցի մասնագէտը նշեց, որ Հայաստանի մէջ կան փայլուն մասնագէտներ, իսկ բոլոր վիրահատութիւններէն հրաշալի արդիւնքներ գրանցուած են:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկահայ մասնագէտ եւ բարերար Սալբի Ագարակեանին` նշելով, որ յատկապէս հայ մանուկներուն օգնելու այս նախաձեռնութիւնը Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան փայլուն օրինակ է:
«2004 թուականից սկսած AIMF-ի ջանքերով «Էրեբունի» բժշկական կենտրոնը վերազինուել է անհրաժեշտ նորագոյն սարքաւորումներով, եւ տիկին Սալբիի նախաձեռնութեամբ մինչ օրս համալսարանի լաւագոյն բժիշկները եւ հայ մասնագէտները համատեղ վիրահատել են 86, իսկ 2015թ.-ին` 9-ը հիւանդի»:
25-ամեայ հայրենանուէր գործունէութեան, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բարեգործական գործունէութիւն ծաւալելու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ գործուն կապերը ամրապնդելու համար նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Սալբի Ագարակեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Պօղոս Նուպար» մետալով:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնի քիթ-կոկորդ-ականջ հիւանդութիւններու բաժինի վարիչ Արթուր Շուքուրեանին` Սփիւռքի մեր հայրենակիցին եւ օտար մասնագէտներուն հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան արդիւնքով բազմաթիւ հայ մանուկներու լսողութիւնը եւ տեսողութիւնը վերականգնելու համար: