Թուրքիոյ հայ կին պատգամաւորը առաջին գրաւոր հարցադրումը ուղղած է Տաւութօղլուին

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդա-հանրապետական» կուսակցութեան կողմէ պատգամաւոր դարձած Սելինա Տողան իր առաջին գրաւոր հարցադրումը ուղղած է Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուին:

Այս մասին ինչպէս կը տեղեկացնէ Սթամպուլի հայկական «Ակօս»-ը, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ կին պատգամաւոր Սելինա Տողան վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուին ուղղուած իր գրաւոր հարցադրման մէջ պահանջած է պատասխանել այն պնդումներուն, որ վերջին օրերուն Սուրիոյ քրտաբնակ Քոպանիի խաղաղ
բնակչութեան կոտորած կազմակերպած իսլամիստ ահաբեկիչները Թուրքիայէն  ներխուժած են:

Հարցադրման մէջ նաեւ շեշտուած է, թէ անհրաժեշտ է տեղեկութիւն հաղորդել, թէ Թուրքիոյ ներսը «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ որեւէ գործողութիւն կատարուա՞ծ է,  քանի՞ հոգի  ձերբակալուած են, քանի՞  հոգիի դէմ դատական գործ յարուցուած:

Scroll Up