Հայ պատգամաւոր Մարգար Եսայեան պատասխանած է թրքական ազգայնամոլական թերթին

Ազգայնամոլական հայեացքներով աչքի ինկող թրքական «Sözcü» թերթը այս անգամ իբրեւ թիրախ ընտրած է մէճլիսի ոչ թուրք պատգամաւորները, կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Ըստ թրքական «yeniakit» լրատուական կայքի` «Sözcü» այսօրուան համարին մէջ ԱԶԿ-էն (Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւն) պատգամաւորներր Աւզա Քաւաքչըին ու Մարգար Եսայեանին, ԺՀԿ-էն (Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւն) ընտրուած Օզճան Փուրչուին եւ ԺԴԿ-էն (Ժողովուրդներու դեմոկրատիա կուսակցութիւն) Ուճա եւ Տիլէք Օջալաններուն հետեւեալ ուղերձը յղած է` «Մեր շնորհիւ այդտեղ կը գտնուիք, մեզի գնահատէք»:
«Աթաթուրքի հիմնած այս հանրապետութեան արժէքը իմացեք» վերնագիրով յօդուածին մէջ յատուկ ուշադրութեան հրաւիրած է վերոնշեալ անձանց ազգային եւ կրօնական պատկանելութիւններուն: «… Քանզի այս հանրապետութեան քաղաքականութեան մէջ բոլորը առանց ազգային, կրօնական ու լեզուական խտրականութեան կրնան որեւէ դիրք (պաշտօն) գրաւել»,- կը շեշտուի յօդուածին մէջ:
Այս յօդուածին իր թուիթերեան էջին վրայ պատասխանած է Թուրքիոյ մէճլիսի հայ նորընտիր պատգամաւոր Մարգար Եսայեան:
«Բոլոր այս մարդիկ, ինչպէս նաեւ ես, մէճլիսին մէջ յայտնուած ենք ԱԶԿ-ի իրականացուցած անձայն յեղափոխութեան շնորհիւ: Ատկէ է նաեւ, որ Sözcü–ն այս վիճակը դրական կը համարէ»,- գրած է Եսայեան: