Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Արժանթինի նորանշանակ դեսպանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/06/arg.jpg)
Յունիս 24-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արժանթինի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գոնզալօ Ուրրիոլապէիտիան:
Նշանակման առիթով շնորհաւորելով դեսպանը` Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ խօսեցաւ երկու երկիրներու միջեւ առկայ բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Արժանթինի կատարած իր հովուապետական այցերուն մասին:
Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած բազում հայորդիներ կայք հաստատած են Արժանթինի հիւրընկալ երկրին մէջ եւ այսօր ալ կը շարունակեն վայելել Արժանթինի իշխանութիւններու հոգատար վերաբերմունքը:
Արժանթինի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը իր հերթին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հաւաստիացուց, որ պիտի ջանայ ըստ ամենայնի զօրացնել երկու երկիրներու միջեւ առկայ բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը: Անդրադառնալով Արժանթինի հայ համայնքին` նորանշանակ դեսպանը ընդգծեց, որ այն ընդունուած, սիրուած ու գնահատուած է շնորհիւ իր ազնուութեան ու աշխատասիրութեան, երկրի զարգացման ու ամրապնդման բերած կարեւոր նպաստին:
Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր բարեմաղթանքները ուղղեց դեսպանին` ցանկալով անոր արդիւնաւոր առաքելութիւն Հայաստանի մէջ:
Հանդիպման ներկայ էր Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան: