Ըստ Թուրք Լրագրողին` Թուրքիոյ Ընտրութիւններուն Յաղթեցին Ծպտեալ Հայերը

Թուրք լրագրող Մեհմետ Շեւքեթ Էյքին Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ բաւական հետաքրքրական վերլուծումներ եւ մեկնաբանութիւններ կատարած է «Միլլի Կազէթէ» կայքէջի Յունիս 11-ի թիւին մէջ: Ան կը կարծէ, որ ընտրութիւններուն յաղթած են ծպտեալ հայերը (իսլամացած հայեր, թաքուն հայեր): Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ» օրաթերթը:
«Յաղթեցին ծպտեալ հայերը» խորագիրով յօդուածին մէջ Էյքին կը պնդէ, որ քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (ԺՀԿ-HDP)
իրականութեան մէջ քրտական չէ: «Արտաքնապէս քրտական երեւցող այդ կուսակցութիւնը իրականութեան մէջ ինքնութեամբ ծպտեալ կուսակցութիւն է»:
Այնուհետեւ անդրադառնալով հայ թեկնածուներու խորհրդարանի անդամ ընտրուելու փաստին` ան կը գրէ. «Խորհրդարանին մէջ յայտնուած են Թուրքիոյ քաղաքացի երեք հայեր: «Ծպտեալ հայերու թիւը խորհրդարանին մէջ ստոյգ չեմ գիտէր, բայց կը կարծեմ` 40-էն պակաս չէ»:
Ան կը շարունակէ յօդուածը` գրելով. «Ծպտեալ հայերը կ՛օգտագործեն իսլամ քիւրտերը: Այդ պատճառով մեծագոյն վնաս կրողը պիտի ըլլան սիւննի իսլամ քիւրտերը»:
Հիմա անոնք կ՛ըսեն, որ` «Մենք Թուրքիոյ կուսակցութիւնը դարձանք»: Եթէ ինծի հարցուի, պիտի շնորհաւորեմ զանոնք, բայց պիտի շնորհաւորեմ, եթէ անկեղծ են: Ես անձնապէս պիտի յօժարիմ նոյնիսկ, որ անոնք քրտական կուսակցութիւն մը ըլլան: Կը բաւէ, որ հայկական կուսակցութիւն մը չըլլան»:
Այս ժխտական մերձեցումով է, որ յօդուածագիրը երկար վերլուծումներ կ՛ընէ, կ՛ըսէ, որ պէտք էր որ կրօնամէտ մահմետական քիւրտերու կուսակցութիւն մը հիմնուած ըլլար ու այդ կուսակցութիւնը շահած ըլլար այս ընտրութիւնը: