ՄԻԵԴ-ի Մէջ Հայաստանի Դատաւոր Ընտրուած Է Նախկին Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Արմէն Յարութիւնեան

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) Յունիս 23-ին ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ) Հայաստանի դատաւոր ընտրած է ՀՀ նախկին մարդու իրաւուքներու պաշտպան (Ombudsman)  Արմէն Յարութիւնեանը: Այս մասին մը հաղորդէ Civilnet.am-ը՝ վկայակոչելով ԵԽԽՎ կայքը:

Արմէն Յարութիւնեան ՄԻԵԴ-ի մէջ դատաւոր ընտրուած է ինը տարի ժամկէտով: Ան իր լիազօրութիւններու կատարման պիտի անցնի ընտրուելէ ոչ ուշ, քան երեք ամիս անց, կը տեղեկացնէ ԵԽԽՎ-ն:

Եւրոդատարանի դատաւորի պաշտօնին Հայաստանէն առաջադրուած էին նաեւ «Արդարադատութեան ակադեմիա» ՊՈԱԿ-ի դասախօս Արայիկ Ղազարեան եւ ՀՀ վարչական դատարանի դատաւոր Լիանա Յակոբեանը:

ՄԻԵԴ դատաւորներու ընտրութեան յանձնաժողովը Յունիս 9-10-ը Փարիզի մէջ կայացած նիստի ընթացքին Հայաստանի դատաւորի պաշտօնին համար երաշխաւորած էր Արմէն Յարութիւնեանը:

Շուրջ երեք տասնեակ փաստաբաններ, ինչպէս նաեւ «Թրանսփարընսի ինթերնէյշընել» կեդրոնը Յունիս 20-ին հանդէս եկած էին ԵԽԽՎ-ին ուղղուած յայտարարութեամբ` կոչ ընելով մերժել Արմէն Յարութիւնեանի թեկնածութիւնը:

Scroll Up