Վարչապետը պարգեւատրած է երգիչ Յարութիւն Փամբուկչեանը

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան այսօր ընդունած է յայտնի երգիչ, երաժիշտ Յարութիւն Փամբուկչեանը եւ ծննդեան 65-ամեակին առթիւ, ինչպէս նաեւ հայ երաժշտական արուեստը ներկայացնելու գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար պարգեւատրած է ՀՀ վարչապետի յուշամետալով:

Յարութիւն Փամբուկչեան շնորհակալութիւն  յայտնած  է վարչապետին իր 50-ամեայ բեմական գործունէութիւնը բարձր գնահատելու համար:

Scroll Up