Արցախի ԱԺ խմբակցութիւնները կոչ ուղղած են ԵԽԽՎ-ին թոյլ չտալ խեղաթիւրուած բանաձեւի ընդունումը
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայրենիք», «Ժողովրդավարութիւն», «Դաշնակցութիւն», «Շարժում88», «Վերածնունդ» խմբակցութիւնները Յունիս 18ին հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ` կապուած Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի Կազմակերպչական յանձնաժողովի կողմէ նախնական հաւանութեան արժանացած «Ժողովրդավարական հաստատութիւններու գործունէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ» զեկոյցին մէջ եւ ատոր կից բանաձեւի նախագիծին մէջ ատրպէյճանաղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ տեղ գտած անընդունելի ձեւակերպումներուն հետ: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցին ԼՂՀ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն:
«Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Կազմակերպչական յանձնաժողովին կողմէ նախնական հաւանութեան արժանացած «ժողովրդավարական հաստատութիւններու գործունէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ» զեկոյցը եւ ատոր կից բանաձեւի նախագիծը ներառուած են ԵԽԽՎ յունիսեան նստաշրջանի օրակարգին մէջ: Ատրպէյճանին վերաբերող բանաձեւի նախագիծին համազեկուցողներ Փեդրօ Ագրամունտը եւ Թադէուշ Իւինսկին ոչ միայն չեն ներկայացներ Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու բնագաւառներուն մէջ բացայայտ յետընթացը, այլեւ բանաձեւի առաջին իսկ պարբերութեամբ կ’անդրադառնան ատրպէյճանաղարաբաղեան հակամարտութեան, այն ալ` իրականութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունեցող եւ զուտ ատրպէյճանական պետական քարոզչութեան յայտնի դրոյթները կրկնող ձեւակերպումներով: Մենք խորապէս մտահոգուած ենք, որ այդօրինակ ձեւակերպումներու ամրագրումը ակնյայտօրէն կը խրախուսէ ԼՂ խնդիրի կարգաւորման գործին մէջ միակ միջազգայնօրէն ճանչցուած լիազօրութիւն ունեցող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու (Ռուսաստան, ԱՄՆ, Ֆրանսա) միջնորդական գործունէութեան խափանման ուղղուած Ատրպէյճանի ջանքերը: Աւելին, նման փաստաթուղթի մէջ հակամարտութեան էութիւնը նենգափոխելու եւ միակողմանի ներկայացնելու ձգտումը կ’ընկալուի որպէս ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու բնագաւառներուն Ատրպէյճանի մէջ գրանցուած բազմաթիւ կոպիտ խախտումները հակամարտութեան առկայութեամբ արդարացնելու փորձ: Անկախ ժողովրդավարական պետականութիւն կառուցելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 24 տարիներուն փորձը լաւագոյն օրինակներէն մէկն է ապացուցելու, որ նոյնիսկ չկարգաւորուած հակամարտութեան պայմաններուն մէջ հնարաւոր է մարդու իրաւունքներու, հիմնարար ազատութիւններու եւ ժողովրդավարական արժէքներու հաստատումը, ապահովումն ու ամրապնդումը:
Մենք` ԼՂՀ Ազգային ժողովի պատգամաւորական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներս, գնահատելով Եւրոպայի խորհուրդը` որպէս մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, իրաւական պետութեան ու իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքներու տարածման յառաջատար կառոյց եւ համոզուած ըլլալով, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւրոպական տարածքի մաս է, որ կ’առաջնորդուի համաեւրոպական արժեհամակարգով` կոչ կ’ընենք Խորհրդարանական վեհաժողովի մեր յարգարժան գործընկերներուն` հաւատարիմ մնալ Եւրոպայի խորհուրդի նպատակներուն ու առաքելութեան եւ չթոյլատրել խեղաթիւրուած ու միակողմանի ձեւակերպումներով պատրաստուած ԵԽԽՎ փաստաթուղթերու ընդունումը, կ’առաջարկենք Եւրոպայի խորհուրդին եւ կազմակերպութեան տարբեր ատեաններուն ուղղակի համագործակցութիւն ծաւալել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ»,-նշուած է ԼՂՀ Ազգային ժողովի պատգամաւորական խմբակցութիւններու յայտարարութեան մէջ: