Ժաք Ֆոր. Նոր Պատերազմի Պարագային Պաքուն Շատ Բան Կը Կորսնցնէ
ԵԱՀԿ խումբի ֆրանսացի նախկին համանախագահ Ժաք Ֆորը Երեւանի մէջ ընթացող ՀՀ Ազգային ժողովի եւ ՆԱԹՕ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի Rose-Roth սեմինարին այսօր ըսած է, որ ղարաբաղեան պատերազմի վերսկսման պարագային Ատրպէյճանը շատ բան կը կորսնցնէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:
«Այսօր Ատրպէյճանի պաշտպանութեան պիւտճէն աւելի է, քան Հայաստանի ամբողջ պիւտճէն, սակայն պատերազմի վերսկսման պարագային Ատրպէյճանը շատ բան կը կորսնցնէ, մանաւանդ` տնտեսական առումով: Ո՞վ ներդրումներ կ’ընէ այնպիսի երկրի մը մէջ, որ պատերազմ է»,- ըսած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նախկին համանախագահը:
Անոր խօսքով` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման գլխաւոր խոչնդոտներէն է տարածաշրջանի մէջ սպառազինութիւնները մրցավազքն ու փոխվստահութեան բացակայութիւնը:
«Այսօր երկու կողմերուն մօտ ալ կը բացակայի հակամարտութեան լուծման քաղաքական կամքը, եւ ասիկա մեծապէս պայմանաւորուած է ներքին քաղաքական գործընթացներով, քանի որ նախագահները կը փորձեն խուսափիլ իրենց երկրին մէջ քննադատութեան ենթարկուելէն»,- ըսած է Ժաք Ֆորը:
Ըստ Ժաք Ֆորի՝ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով Երեւանը կը յենուի ԵԱՀԿ հակամարտութեան կարգաւորման Հելսինքեան եզրափակիչ յայտարատութեան երեք սկզբունքներու հիման վրայ եւ ջանքեր կը գործադրէ այդ երեքի պահպանման համար, մինչդեռ Պաքուն երեք սկզբունքներէն առաջնահերթութիւնը կու տայ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին, որ կը խոչընդոտէ բանակցութիւններու արդիւնաւէտութիւնը:
«Կովկաս» ծրագրի գիտաշխատող Լորէնս Պրուրսը տեսակէտ յայտնած է, որ բացի նախագահներէն` այլ պետական գործիչներ եւս պէտք է ներգրաւուին հակամարտութեան լուծման գործընթացին մէջ, իսկ երկկողմ հանդիպումները պէտք է կայանան ոչ միայն այլ երկիրներու, այլեւ հակամարտող պետութիւններու տարածքին մէջ: