Գըրք Գըրգորեանի յուղարկաւորութեանը սահմանափակ թիւով մարդիկ պիտի մասնակցին

Յայտնի գործարար ու բարեգործ Գըրք Գըրգորեանի յուղարկաւորութիւնը միայն ընտանիքի անդամներուն համար պիտի ըլլայ: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցին յայտնեց «Քալիֆորնիա քուրիեր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան: Ան նշեց, որ հոգեհանգիստի տեղը եւ ժամը չի գիտեր:

Գըրգ Գըրգորեանի մերձաւոր շրջապատէն ալ NEWS.am-ին յայտնի դարձաւ, որ սահմանափակ թիւով մարդիկ պիտի մասնակցին յայտնի գործարարի թաղման, հիմնականին մէջ հրաւիրելով պիտի մասնակցին: Մեզի փոխանցեցին նաեւ, որ հոգեհանգիստի եւ յուղարկաւորութեան տեղը եւ ժամը յստակ յայտնի կը դառնայ վաղը: Առայժմ յայտնի չէ` Հայաստանէն ովքեր պիտի մեկնին յուղարկաւորութեան, հնարաւոր է` ոեւէ մէկը չմեկնի, կամ այնտեղ արարողութիւններուն մասնակցի նախկին վարչապետ, ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սարգսեան:

Յիշեցնենք, որ Գըրգ Գըրգորեան մահացած է Յունիս 16-ին 98 տարեկան հասակին:

Scroll Up