Ֆրանսահայերու միասնական ջանքերով Արցախի 3 գիւղերու մէջ կը կառուցուին համայնքային կեդրոններ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի հովանաւորութեամբ` Լեռնային Ղարաբաղի Կիւրաթաղ (Հադրութի շրջան), Գետաւան (Մարտակերտի շրջան) եւ Սարգսաշէն (Մարտունիի շրջան) գիւղերուն մէջ մեկնարկած են համայնքային կեդրոններու կառուցման աշխատանքները:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի փոխանցմամբ` ծրագիրները կը համաֆինանսաւորուին ԼՂՀ կառավարութեան կողմէ: Այս համայնքներու բնակիչները` շուրջ 1030 մարդ, հիմնականին մէջ կը զբաղին հողագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ:

Մէկ յարկի տակ բուժկէտի, գրադարանի, հանդիսասրահի ու գիւղապետարանի կեդրոնացումը նպատակ ունի արդիւնաւէտ դարձնել այս ենթակառուցուածքներու շահագործումն ու տնտեսվարումը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Ֆրանսայի մեր հայրենակիցներուն` համայնքներու ղեկավարները հաւաստած են, որ այս ձեռնարկը արդէն իսկ ոգեւորած է բնակիչները:

«Մեր նախաձեռնութիւններով հայ գիւղացուն սատարելը, լինի դա Հայաստանում, թէ Արցախում, մեր հիմնական ուղղութիւնն է եւ առաջնահերթութիւնը»,- ըսած է «Հայաստան»  հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան:

Scroll Up