Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի Միջնակարգի Աւարտական Հնադէս

2014-2015 տարեշրջանը իր դէմ ծառացած այլազան դժուարութիւններով եւ խոչընդոտներով հանդերձ չկրցաւ կասեցնել հայ դպրոցին առաքելութիւնը: Արդարեւ, Հինգշաբթի, 4 Յունիս 2015-ին, Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած միջնակարգի հադիսութիւնը եկաւ փաստելու հայուն վճռակամութիւնն ու միահամուռ հաւաքական աշխատանքը: Այս տարուան հունձքը զատորոշուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սերունդ ըլլալու յատկութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար» շաբաթաթերթը:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ օրհներգներով, նուագակցութեամբ Շողեր Գերպապեանի (ֆլիւթ) եւ Մասիս Արսլանեանի (դաշնամուր): Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանիս տնօրէնուհի Պէթի Գրաճեան-Եփրեմեան, որ իր խօսքին մէջ վեր առաւ աշակերտներու դիմագրաւած դժուարութիւններն ու սոյն հանգրուանին նոր մեկնարկի մը ազդանշանը: Ան նշեց նաեւ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի այս սերունդը, պահանջատիրութեան անժամանցելի իրողութեան համոզումով, պիտի շարունակէ իր երթը:
Ապա «Մեծ մայրիկին յուշերը» թատերական ներկայացումով աշակերտները ուրուագծեցին հայուն իսկական կերպարը, որ բազմապիսի կորուստներ ունենալով մէկտեղ գիտէ կրկին կենսունակութեամբ գոյատեւել:Ժագ Յակոբեանի «Մենք»ը եւ Սամիր Թահհանի «Հալէպ» եւ «Խաղաղութիւն» քերթուածներու խմբային ասմունքով աշակերտները կամրջեցին երկու ազգերու դարաւոր պատմութիւնն ու պայքարի անկոտրում կամքը:
Հայերէն ուղերձը փոխանցեցին Սարօ Արման Չուլճեան եւ Սիլվա Արմանի Չուլճեան, իսկ արաբերէն ուղերձը` Անթուան Սուս:
Հուսկ աշակերտները, ուսուցչակազմը, տնօրէնութիւնն ու համայնքապետը եկեղեցւոյ բեմահարթակին վրայ տեղադրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողի մանրակերտին առջեւ ծաղիկ զետեղեցին, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան բիւրաւոր նահատակներուն:
Ապա Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի ձեռամբ տեղի ունեցան վկայականաց բաշխումն ու առաջնակարգ աշակերտներու պարգեւատրումը, ինչպէս նաեւ յատուկ գնահատանքի արժանացան հայերէն լեզուի գերազանցները:
Աւարտին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան: Համայնքապետը արժեւորեց Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի ուսումնակրթական աշխատանքը եւ նշեց, որ երկրիս վիճակուած չարաշուք օրերու արհաւիրքին մէջ գոյատեւող այս աշակերտները միանգամայն կը զատորոշուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սերունդ ըլլալով: Վերապատուելին նշեց, թէ 100ամեակը յիշել կու տայ մեզի հայոց պատմութեան պանծալի իրականութիւնը, ապա նաեւ ցեղասպանութեան դրդապատճառները, աւելցնելով, որ մեր դարաւոր թշնամին` թուրքը իր թաթը երկարած է այս անգամ սուրիական ասպնջական հայրենիքին վրայ: Ան շեշտեց, որ թուրքը երբեք չկրցաւ ազգերու գնահատանքին արժանանալ, այլ իր անունին ընդմիշտ կըցուած պահեց այլամերժութիւնը: Ապա վերապատուելին անդրադառնալով այս տագնապալից վիճակին տոկացող ժողովուրդի անկոտրում կամքին` զանոնք «հերոս» անուանեց:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Բեթէլ պանծալի» քայլերգով, մենակատարութնամբ Շողեր Գերպապեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի: