Խորհրդաւոր Գըրգորեանը

«Ասպարէզ»-ի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Պողիկեան կը գրէ.

Հաւանաբար շատերու միտքը չարչրկած է այն հարցը, որ տարիներ շարունակ հայութեան կարիքներուն հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց չտուած Գըրգ Գըրգորեանի մէջ ինչպէ՞ս արթնցաւ զգայնութիւնը Սփիւռքի ու Հայաստանի դժուարութիւններուն հանդէպ:

«Լինսի» հիմնարկը, որուն ճամբով կատարուեցան բարեգործութիւնները, Գըրգորեանի դուստրերու (Լինտայի եւ Թրէյսիի) անուններուն միացումով գոյացած անունը կը կրէ: Կարելի է եզրակացնել (շատ մակերեսային եւ հապճեպ) այս անուան որոշումէն, որ Գըրգորեան ընտանիքի մարդ էր, իր զաւակները սիրող անձ մը, որ նաեւ անտարբեր չէր կրնար ըլլալ իր ծնողներուն, անոնցմէ ուղղակի կամ անուղղակի ստացած մշակութային կամ ազգային ժառանգութեան հանդէպ:

Նաեւ այն փաստը, որ «Լինսի»ն հիմնուեցաւ Գիւմրիի երկրաշարժէն ետք (1989-ին) կրնայ թելադրել, որ ան անտարբեր չէր Հայաստանի ժողովուրդին, անոր ճակատագիրին հանդէպ:

Գըրգորեանի վերջին քայլը՝ մահէն միայն մէկ օր առաջ հրապարակուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, վերջապէս, հզօր շարժապատկեր մը արտադրելու որոշումը, եկաւ ապացուցելու, որ ան մինչեւ իր վերջին օրերը պահած էր նոյն զգայնութիւնը հայութեան վերաբերեալ: Գըրգորեան իր երիտասարդութեան ու վստահաբար նաեւ ամբողջ կեանքին ընթացքին ունեցած է հայեր իր շրջանակին մէջ, միջազգային հռչակի տէր յայտնի անուններ, արուեստագէտներ, որոնք բոլորն ալ իրենց շփումներուն ընթացքին, իրենց խորհուրդներով, մտածումներով, իր մէջ վառ պահած են հայկական ինքնութեան հանդէպ որոշ հաւատարմութիւն մը:

Ինչ մղումով ալ կատարուած ըլլան իր բարեգործութիւնները, մենք ազգովին երախատապարտ պիտի մնանք Ազգային Հերոս Գըրգ Գըրգորեանին:

Scroll Up