Վիրահայոց Թեմի Երիտասարդները Օգնութիւնն Տրամադրած Են Թիֆլիսի Բնական Աղէտէն Տուժածներուն

Վիրահայոց թեմի երիտասարդական բաժնի անդամները հերթական օգնութիւնը տրամադրած են Թիֆլիսի մէջ բնական աղէտէն տուժածներուն:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի փոխանցմամբ`  բաժնի անդամները, երիտասարդական բաժնի աշխատանքներու համակարգող Նինա Սերոպովայի հետ միասին, ներկայացած են Թիֆլիսի Տիտուպէ- Չուղուրեթի շրջանային վարչութիւն եւ Թեմի ու «Հայարտուն» կեդրոնի անունէն յանձնած են օգնութեան հերթական բաժինը: Երիտասարդները տուժածներուն տրամադրած են սննդամթերք, տարբեր տեսակի ձաւարեղէն, անձնական մաքրութեան միջոցներ, հագուստ:

Վիրահայոց թեմէն կը տեղեկացնեն, որ երիտասարդական բաժինը պիտի շարունակէ նմանատիպ բարեգործական նախաձեռնութիւնները:

Scroll Up