Թուրքիոյ մէջ աղէտալի վիճակի մէջ յայտնուած է 800-տարուան պատմութիւն ունեցող հայկական եկեղեցին

Պատմական Հայաստանի մշակութային ժառանգութիւնը համարուող հայկական եկեղեցիներն ու կոթողները կը շարունակեն ոչնչացուիլ կամ մատնուիլ բախտի քմահաճոյքին, կը գրէ Artsakhpress-ը:

Թրքական ntv.com.tr-ի փոխանցմամբ` այս անգամ աղէտալի վիճակի մէջ յայտնուած է Պինկէօլ (հայկական Բիւրակն) Քարլըովա գաւառի Թոքլուլար գիւղի շուրջ 800-տարուան պատմութիւն ունեցող հայկական եկեղեցին:

Գանձ որոնող արկածախնդիրներու գործողութիւններու հետեւանքով հայկական եկեղեցին խոնարհման եզրին է: Թոքլուլարի գիւղապետ Ֆէսիհ Քըշլաքչըն ցաւով նշած է, որ իրենց գիւղին մէջ հանդիպող շատ պատմական կոթողներուն մարդիկ գիտացաբար վնաս կը պատճառեն: «Մեր եկեղեցին բազմիցս արկածախնդիրներու կողմէ թալանուած է: Մեր գիւղ այցելող հայկական խումբերը նշած են, որ եկեղեցւոյ անունը Ակօս է»,- պատմած է Քըշլաքչըն:

Գիւղացիներէն մէկը նշած է, որ եկեղեցւոյ շրջակայքը գտնուող տուներու հիմքին մէջ շատ յաճախ հնարաւոր է հանդիպիլ պատմական մնացորդներու: Ան ընդգծած է, որ եկեղեցին, որ երեխաներու համար խաղահրապարակի  վերածուած է, պէտք է պետական խնամքի տակ առնուի: «Գիւղի մեծահասակներէն եւ այստեղ եկող հայ այցելուներէն իմացած ենք, որ եկեղեցին հայերէն  մնացած է  եւ շուրջ 800 տարուան պատմութիւն ունի»,- նշած է բնակիչներէն մէկը:

Scroll Up