Ցուցահանդէս Ախալքալաքի Երիտասարդական Կեդրոնին Մէջ

Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնին մէջ ցուցահանդէս էր: Ասեղնագործութեան խմբակի 14 երեխաներ ներկայացուցած էին իրենց ձեռքի աշխատանքները, որոնց մէջ կային ուլունքագործ եւ ասեղնագործ իրեր, կոլաժներ, կենցաղային ամենատարբեր առարկաներէ պատրաստուած իրեր: Երեխաներուն համար այս ցուցահանդէսը իրենց ունակութիւնները ներկայացնելու մեծ հնարաւորութիւն էր, իսկ այցելուները մեծ հաճոյք ստացան` տեսնելով անոնց ձեռքբերումները:
Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոն