Սիրուշոն` 9 ոչ ամերիկեան լաւագոյն արուեստագէտներու շարքին
«Քարտաշեանները միակ յայտնի հայերը չեն»,- կը գրէ mic.com-ը` տեղեկացնելով, որ Սիրուշոն փոփ-աստղ է Հայաստանէն, որ իր առաջին մրցանակը ստացած է 9 տարեկանին եւ աշխարհին կը ներկայացնէ հայկական երաժշտութիւնն ու մշակոյթը: Այս մասին կը գրէ Bravo.am-ը:
Կայքը ներկայացուցած է աշխարհի 9 ոչ ամերիկեան լաւագոյն արուեստագէտներ, որոնք ամերիկացիներու շրջանին մէջ այնքան ալ յայտնի չեն: Սիրուշոյին անդրադառնալուն mic.com-ը նշած է, որ ան առաջին կինն է, որ Հայաստան ներկայացուցած է «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին: