Դարձեալ Դէպի Երկիր

Յաւելեալ թափ տալ երիտասարդական շրջանակներու մէջ երկիր, հայրենիք մեկնելու շարժումին, խրախուսել այնտեղ ծառայելու, հողին ու ժողովուրդին հետ հաղորդուելու տրամադրութիւնները: Այսպիսի որոշում մը տեղ մը վստահաբար արձանագրուած է եւ ահա անոր կենսագործումը: Այս տարի ՀԵԴի ամառնային կամաւորական աշխատանքով Հայաստան մեկնելու ծրագիրի մասնակիցներու թիւը հասաւ 39ի:

Տարուէ տարի կ՛աւելնայ այս թիւը, տարուէ տարի կը մեծնայ հետաքրքրութիւնը Հայաստանի, Արցախի ու Ջաւախքի մէջ պատանեկան ճամբարներու կազմակերպման գործին հանդէպ: Պատճառը՝ եթէ մէկ կողմէ, համայնքի զօրակցութեան կայուն աճն է այս ծրագրին հանդէպ, միւս կողմէ, իրենց՝ նախկին մասնակիցներու վարակիչ խանդավառութիւնն է եւ նորերու քաղցր ու իմաստալից փորձառութիւն մը ճաշակելու ցանկութիւնը:

Աւելի «թափ տալ», պիտի արձանագրուի տեղ մը, գալ տարուան համար իբրեւ որոշում եւ վստահ ենք, որ այդ թիւը դարձեալ պիտի աւելնայ:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Scroll Up