«Կինոթաւր»-ի Գլխաւոր Մրցանակը Ստացած Է Աննա Մելիքեանի «Սիրոյ Մասին» Ֆիլմը

«Կինոթաւր» 26­րդ ռուսական բաց կինոփառատօնի գլխաւոր մրցանակը ստացած է Աննա Մելիքեանի «Սիրոյ մասին» ֆիլմը,, որ կը պատմէ կանանց եւ տղամարդոց փոխյարաբերութիւններու մասին: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-­ը, այդ մասին կը հաղորդուի կինոստուգատեսի պաշտօնական կայքին մէջ: «Ինծի համար ասիկա շատ կարեւոր մրցանակ է, որովհետեւ այդ ֆիլմը կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըրած եմ հանդիսականներու, լայն վարձոյթի համար»,­- Մելիքեանի խօսքը մէջբերած է HTB-­ն:

Անցեալ տարի Աննա Մելիքեանը լաւագոյն բեմադրիչ ճանչցուած էր «Աստղ» կինոնկարի համար: Կինոփառատօնի մրցանակը յանձնած են ստուգատեսի նախագահ Ալեքսանդր Ռոտնեանսքին, փառատօնի հոգաբարձուներու խորհրդի նախագահ Ֆէոտոր Պոնտարչուքը եւ մրցոյթի դատակազմի նախագահ բեմադրիչ Ալեքսէյ Ուչիթելը:

«Ֆիլմերը տարբեր էին, այս տարի շատ հետաքրքրական ծրագիր էր: Եթէ որեւէ մէկը որոշէ, որ մենք ճիշտ չենք վարուած, ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը վերցնեմ իմ վրաս»,-­ ըսած է Ուչիթելը` յանձնելով պարգեւը:

«Սիրոյ մասին» ֆիլմը քանի մը վէպերու հաւաքածոյ է, որոնք միաւորուած են սիրոյ թեմայով: Մելիքեանի ֆիլմին մէջ խաղցած են Ռենաթա Լիթուինովան, Եւկենի Ցիկանովը, Վլադիմիր Մաշքովը, Իւլիա Սնիկիրը, Ռաւշանա Կուրքովան, Մարիա Շալաեւան, Ալեքսանդրա Պորթիւը եւ յայտնի այլ դերասաններ: Այս տարի գլխաւոր մրցանակին կը յաւակնէր 14 ֆիլմ:

Ռեժիսոր Աննա Մելիքեանը ծնած է Պաքուի: 1988-ի իրադարձութիւններուն ժամանակ 12 տարեկանին ընտանիքի հետ տեղափոխուած է Երեւան, իսկ 5 տարի անց` Մոսկուա, ուր աւարտած է Կինեմատոգրաֆիայի համառուսաստանեան պետական հիմնարկը: Ամերիկեան Variety ամսագրի հմաձայն` Մելիքեանը ճանչցուած է աշխարհի ամենահեռանկարային 10 բեմադրիչներէն մէկը: Այժմ Մելիքեանը կը ղեկավարէ իր հիմնած «Մակնում» արտադրական կեդրոնը:

Scroll Up