Տիարպեքիրի Հայկական Եկեղեցին Արժանացած Է «ԵՄ Մշակութային Ժառանգութեան» Մրցանակի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/06/St-Giragos-300x225.jpg)
Երէկ Նորվեգիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ կայացած է «Եւրոմիութեան մշակութային ժառանգութիւն եւ Europa Nostra» մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը: Տիարպեքիրի հայկական եկեղեցին արժանացած է «ԵՄ մշակութային ժառանգութեան» մրցանակին: Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցիին շնորհուած է «Մեծ մրցանակ», կը յայտնէ Ermenihaber- ը:
Մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած եղած են բազմաթիւ մշակութային նախագիծեր, որոնց ուսումնասիրութիւններուն մասնակցած են աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած մշակութային ժառանգութեան 600 մասնագէտ եւ բազմաթիւ կամաւորներ: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Օսլոյի քաղաքապետն ու Նորվեգիոյ բնապահպանութեան նախարարը:
Մրցանակաբաշխութեան ընդհանուր առմամբ շնորհուած է 7 «Մեծ մրցանակ»: