Հասարակութիւնը դրական կը գնահատէ 100-րդ տարելիցի նախաձեռնութիւններու որակը
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող յանձնաժողովի կողմէն իրականացուած ձեռնարկներու որակը հայ հասարակութեան կողմէն ընդհանուր առմամբ դրական կը գնահատուին: Ըստ Panorama-ի` այս մասին կը վկայեն “Գելլափ Ինթերնէյշնլ ասոցիացիա”-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան կողմէն իրականացուած հարցումները:
Մայիս 5-13-ին Հայաստանի մարզերու եւ մայրաքաղաքի մէջ իրականացուած են դէմ առ դէմ հարցումներ “Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներ գնահատականը” թեմայով: Մասնակցած է 1105 հոգի: Հարցման արդիւնքները լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ներկայացուց “Գելլափ Ինթերնէյշնլ ասոցիացիա”-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը:
Գնահատէք ընդհանուր առմամբ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած Պետական յանձնաժողովի կողմէն կազմակերպուած ձեռնարկներու իրականացման որակը 1‐ից 5 նիշ սանդղակով, ուր 1‐ը նուազագոյն, 5‐ը առաւելագոյն գնահատականն է: Գնահատուեծ է 4,58:
Երեւանի մէջ հարցուածներու 58 տոկոսը Ապրիլ 24-ին այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, մարզերու մէջ հարցուածների մեծ մասը բացասական պատասխան տուած է:
Կազմակերպուած նախաձեռնութիւններէն հարցուածներու մօտ յատկապէս առաւել տպաւորուած են. 49 տոկոսը նշած է Ապրիլ 24-ին ՌԴ-ի, Ֆրանսայի, Սերպիայի եւ Կիպրոսի նախագահաներու այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ապա` Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարի մէջ Հռոմի պապի կողմէն մատուցուած Սուրբ պատարագը, Քարտաշեաններու այցը, ջահերով երթը, System of Down խումբի համերգը Երեւանի մէջ, Շառլ Ազնաւուրի այցը Երեւան, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասումը, “Ընդդէմ ցեղասպանութիւններու յանցագործութեան” ֆորումը:
Ապրիլ 12-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի մէջ մատուցուած պատարագի մասին տեղեակ եղած է հարցուածներու 91 տոկոսը: Հարցուածներու 74 տոկոսը պատարագը դիտած է հեռուստատեսութեամբ, 5 տոկոսը` համացանցով:
Պատասխանելով հարցին, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած լայնածաւալ ձեռնարկները ի՞նչ ազդեցութիւն կրնան ունենալ Թուրքիոյ, այլ երկիրներու կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի վրայ, ստացուած է հետեւեալ պատկերը. Թուրքիոյ պարագային` 36 տոկոսի կարծիքով դրական, 58 տոկոսի` փոփոխութիւն չ’ըլլար: Այլ երկիրներու պարագային` 83 տոկոսի կարծիքով, դրական խթան կը հանդիսանան, որպէսզի ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Թուրքիոյ կողմէն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչնալու պարագային ի՞նչ ակնկալիքներ ունի հասարակութիւնը. 60 տոկոսը նշած է հողերու վերադարձը, ապա` նիւթական փոխահատուցում, իսկ 26 տոկոսը` հայ-թրքական սահմանի բացում:
Հարցուածներու 54 տոկոսի կարծիքով, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն ետք ալ պէտք է շարունակել պայքարը Ցեղասպանութեան ճանաչման համար: