Թուրքիոյ մէճլիսը Մշոյ սուրբ Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ վերականգման համար քայլեր կը ձեռնարկէ

Մշոյ սուրբ Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ վերակառուցման համար ներկայացուած դիմումին արձագանգած է Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովի (ԹԱՄԺ) միջնորդագրերու յանձնաժողովի ղեկավարութիւնը: Այս մասին ըստ Ermenihaber.am-ի` կը տեղեկացնէ է  “Սասունի, Բիթլիսի, Բաթմանի, Մուշի, Վանի, Սթամպուլի եւ միւս բոլոր նահանգներու, շրջաններու եւ գիւղերու հայկական եւ Սասունի շրջանի գիւղերու հայկական սոցիալական փոխօգնութիւն  եւ մշակութային համերաշխութիւն” (Հայկական փոքրամասնութիւնները) միութեան ղեկավար Ազիզ Դաղջըն:

Թրքական “Bugֆօ” թերթի տեղեկացմամբ` Դաղջըն նախապէս կատարած գրաւոր յայտարարութեան մէջ նշած է, որ վանական համալիրը շատ կարեւոր եւ պատմական վայր է, որուն տարածքին այժմ  կայ 48 տուն եւ 6 խոտամբար: Դաղջըն կը յայտնէ, որ խորհրդարանէն ստացուած պատասխանի մէջ գրուած է հարցի պատասխանատուներու նկատմամբ հետաքննութիւն սկսելու որոշման մասին:

Նաեւ Թամժ-ը պահպանութեան տակ կ’առնէ հայկական եկեղեցին Թուրքիոյ մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պահպանութեան օրէնքի 10-րդ յօդուածի տառին համապատասխան: Նամակի մէջ կը նշուի, որ  եկեղեցւոյ պահպանութիւնը չիրականացուցած անձերու նկատմամբ իրաւական գործընթաց կը սկսի, ինչպէս նաեւ վանական համալիրի չափագրման եւ վերականգման աշխատանքներու համար թոյլտւութիւն ստանալու նպատակով պէտք է դիմել Մուշի նահանգային յատուկ վարչութիւն, որուն հաշուեկշռի մէջ կը գտնի եկեղեցին:

Դաղջըն յայտնած է, որ իրենց կազմակերպութիւնը եկեղեցւոյ վերանորոգման համար անհարժեշտ բոլոր իրաւական գործընթացները պիտի շարունակէ: “Մշոյ սուրբ Կարապետ հայկական վանական համալիրի մէջ  48 տան եւ 6 խոտամբարի գոյութիւնը հայ համայնքի աղօթատեղիի, մեր եկեղեցւոյ նկատմամբ վիրաւորանք է: Ոեւէ մէկը չի կրնար ընդունիլ այդ վիրաւորանքը”,-ըսած էր հայկական միութեան ղեկավարը:

Յիշեցնենք, որ Դաղջըն իր ղեկավարած կազմակերպութեան անունով 2015 թուականի Մայիսին  դիմած էր Թուրքիոյյի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան, ինչպէս նաեւ ներքին գործերու նախարարութիւններուն Մշոյ Իւքարըյոնգալը գիւղի մէջ գտնուող Սուրբ Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ տարածքը այնտեղ գտնուող տուներէն ազատելու եւ վանքի վերանորոգման աշխատանքները իրականացնելու համար:

Scroll Up