Նախագահը ընդունած է ԵԽԽՎ համազեկուցողներ Աքսէլ Ֆիշերն ու Ալան Միլինը
Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ընդունած է ԵԽԽՎ համազեկուցողներ Աքսէլ Ֆիշերն ու Ալան Միլին, այսե մասին կը յայտնէ ՀՀ Նախագահի մամուլի ծառայութիւնը:
Ընդգծելով, որ փաստահաւաք առաքելութեան ծիրէն ներս այս հանդիպումները արդէն աւանդոյթ դարձած են, Հանրապետութեան Նախագահը նշած է, որ անոնք հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն քննարկել Հայաստան-եւրոպայի խորհուրդ բազմոլորտ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ ԵԽԽՎ օրակարգի մէջ ընդգրկուած հարցերուն, ներառեալ` Հայաստանին առնչուող:
Սերժ Սարգսեան նշած է, թէ ծանօթ է նախորդ այցի ընթացքին ԵԽԽՎ համազեկուցողներու հրապարակած զեկոյցի բովանդակութեան եւ ողջունելի համարած է, որ ան արձանագրած է ՀՀ յանձնառութիւնը` շարունակական բարեփոխումներ իրականացնելու մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ոլորտներէն ներս:
Այս ամէնով հանդերձ, ըստ Նախագահի, Հայաստանը դեռ շատ ընելիքներ ունի, եւ մեր երկրի իշխանութիւնները հետամուտ են բարեփոխումները խորացնելու` համոզուելով, որ այդ է ժամանակակից իրաւական պետութեան կառուցման միակ ճիշտ ուղին: Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է Հայաստանի համագործակցութիւնը միջազգային գործընկերներու, նաեւ` Եւրոպայի խորհուրդի հետ, ընդգծելով ԵԽ կարեւոր ներդրումը Հայաստանի ժողովրդավարացման ճանապարհին: Հանրապետութեան Նախագահը նշած է, որ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ իրաւական պետութեան սկզբունքներու խորացման ուղղութեամբ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ իրականացուած բարեփոխումները եղած են հետեւողական:
ԵԽԽՎ համազեկուցողները շնորհակալութիւն յայտնած են Նախագահին` ընդունելութեան համար եւ նշած, որ այցի ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ հասցուցած են շարք մը այլ հանդիպումներ ունենալ տարբեր քաղաքական գործիչներու, գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ, ուսումնասիրել պետական տարբեր մարմիններէն ներս ժողովրդավարութեան չափանիշներուն համահունչ իրականացուող աշխատանքներու ընթացքը եւ բաւարարուած են այս ընթացքին արձանագրուած այն աշխատանքներով, որոնք կը կատարուին Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի համար: Վերոնշեալ հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած հարցերէն մէկը, ըստ անոնց, եղած է ՀՀ սահմանադրական բարեփոխումներու իրականացման հարցը: Համազեկուցողները ընդգծած են, որ չափազանց կարեւոր է այդ բարեփոխումներու գործընթացի թափանցիկութիւնը, կարեւոր է նաեւ երկրի մէջ ԶԼՄ-ներու ազատութեան առկայութիւնը:
Համազեկուցողները նշած են, որ իրենց կողմէն պատրաստուող զեկոյցի նպատակը` Հայաստանին օգտակար ըլլալն է, եւ միջանկեալ զեկոյցի պատրաստման այս փուլին, անոնց խօսքով, չկան լուրջ մտահոգութիւններ յառաջացնող խնդիրներ:
Հանդիպման ընթացքին ՀՀ Նախագահը եւ ԵԽԽՎ համազեկուցողները անդրադարձած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին: