Թութի Առաջին Փառատօնը Անակնկալներ Կը Խոստանայ Արցախ Այցելողներուն

Արցախի մէջ առաջին անգամ կազմակերպուող Թութի փառատօնը պիտի ներկայացնէ տարածաշրջանի մէջ թութի մշակման, անկէ օղի թորելու եւ մետաքսագործութեան աւանդոյթները, կը գրէ Artsakhpress-ը:

Ամարաս վանքի յարակից տարածքին մէջ կազմակերպուող փառատօնի ընթացքին առանձին տաղաւարներու մէջ պիտի ներկայացուին թութէն ստացած բարիքները` օղին, ռուպը, չամիչը, անուշը, բացի այդ, պիտի ցուցադրուին արցախեան թութի օղիի եւ ռուպի պատրաստման աւանդական եղանակները, թութի օղիի թորման մշակոյթը:

«Արենի փառատօն» հիմնադրամի տնօրէն Նունէ Մանուկեանը պատմած է, որ փառատօնի իրականացման համար ընտրուած է այնպիսի վայր, ուր թութը ամենալաւը կ՛աճի, իսկ տարածքը հետաքրքրական է պատմամաշակութային առումով: «Ամարասի վանքի շրջակայքում կան թթի այգիներ, որտեղ նախկինում աճեցուել են բօժօժներ, որոնք էլ ծառայել են մետաքսի ստացման համար: Այս փառատօնի ընթացքում ընդգծուելու է նաեւ այդ փաստը, որ Մետաքսի մեծ ճանապարհն անցել է այստեղով»,- ըսած է Մանուկեանը:

Անդրադառնալով փառատօնի հետ կապուած միւս կարեւոր հարցին` զբօսաշրջութեան խթանման, Նունէ Մանուկեանը նշած է, որ յառաջիկայ քանի մը տարիներուն կ՛ակնկալուի ներքին զբօսաշրջիկներու աճ, իսկ յետագային, երբ փառատօնը պիտի հանրահռչակուի, այն կրնայ հետաքրքրական ըլլալ նաեւ արտասահմանցիներու համար: «Մասնակիցների հոսքն ապահովելու համար մշակուել են փաթեթներ, որոնք բաժանուել են տուր օպերատորներին(զբօսաշրջութեան պտոյտի ուղեկցող-ԵՌԳ.): Դրանք առաջարկում են մէկ եւ երկու գիշերակացով արշաւներ եւ մասնակցութիւն Թթի փառատօնին»,- յայտնած է ան:

«Արենի փառատօն» հիմնադրամի տնօրէնը ներկայացուցած է նաեւ փառատօնի իրականացման մանրամասնութիւնները` նշելով, որ փառատօնի տարածքին պիտի կազմակերպուի արուեստի եւ ձեռքի աշխատանքի տաղաւար, ուր հիւրերը հնարաւորութիւն պիտի ունենան ոչ միայն տեսնելու վարպետօրէն պատրաստուած կտաւներ, կաւէ ամանեղէն, յուշանուէրներ, այլեւ ցանկութեան պարագային կրնան գնել զանոնք: «Փառատօնի տարածքում կազմակերպուելու է նաեւ մետաքսի ցուցադրութիւն` ներկայացնելով թթենու տերեւից մետաքս ստանալու ընթացքը եւ մետաքսի արտադրութեան հետ կապուած հետաքրքիր ցուցանմուշներ:Կազմակերպուելու են աւանդական խաղեր, թթենիների թափ տալու մրցոյթներ, հիւրասիրութիւն եւ բազմաթիւ այլ ժամանցային միջոցառումներ»,- աւելցուցած է Մանուկեանը:

Թութի  առաջին փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 27-ին, Ամարաս վանքի յարակից տարածքին մէջ: Փառատօնի կազմակերպման առաջնահերթ նպատակներէն են` տարածաշրջանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման խթանումը, տեղական արտադրութեան զարգացումը, արցախեան խոհանոցի հանրահռչակումը, ինչպէս նաեւ համայնքներու մշակութային կեանքի աշխուժացումը: Փառատօնի կազմակերպիչներն են ԼՂՀ ԿԱ Զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութիւնը եւ «Արենի փառատօն» հիմնադրամը:

Scroll Up