Իկտիրի մէջ 13-14-րդ դարերու հայկական խաչքար գտնուած է

Ներկայիս Թուրքիոյ Իկտիր նահանգի Թուզլուճա շրջանին մէջ (Կողբ – EH) 13-14-րդ դարերուն թուագրուող հայկական խաչքար գտնուած է, կը յայտնէ ermenihaber.am-ը:
Թրքական «dkmhaber.com» կայքի հաղորդմամբ` խաչքարը յայտնաբերուած է Կողբի Աշաղ կոչուող թաղամասին մէջ կատարուող շինարարական աշխատանքներու ժամանակ:
Տարածքին մէջ, ուր այժմ մասնաւոր շինարարութիւն կ’իրականացուի, ժամանակին եղած է հայկական եկեղեցւոյ կից գերեզմանատուն, ուր թաղուած եղած են եկեղեցւոյ սպասաւորները: Այդ հանգամանքն ալ թոյլ տուած է ենթադրել, որ խաչքարը ժամանակին եղած է եկեղեցականներէն մէկուն շիրմաքարը:
Թրքական աղբիւրը կը գրէ, որ խաչքարը տեղափոխուեած է Կողբի համայնքապետարան եւ այժմ որպէս հնագիտական նմուշ կը ցուցադրուի համայնքապետարանի մուտքին դիմաց: