Սթամպուլի Մէջ Յունական Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակած Եւ Հրկիզած Են Դուռը

Սթամպուլի Քատըքոյ շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ վրայ  յարձակում կատարուած է:  Յոյն ուղղափառ համայնքի եկեղեցական դպրոցներու եւ գերազմանոցի հիմնադրամի ղեկավար փրոֆէսոր Եորկօ Իսթեֆանոպոլուսը հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթին յայտնած է, որ բողոք ներկայացուցած են յարձակում իրականացուցած անձին դէմ, կը գրէ ermenihaber.am-ը:

Մանրամասնութիւններ ներկայացնելով յարձակման մասին` Իսթեֆանոպոլուսը յայտնած է, որ յարձակում իրականացնող անձը, «Ալլահ աքպար» գոռալով, ձեռքի վառելքիը լեցուցած է եկեղեցւոյ դուռին վրայ եւ այրած: Յարձակողը բռնած են եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող մարդիկ: Իսթեֆանոպոլուսը տեղեկացուցած է, որ ականատեսներու պատմածներուն համաձայն, եղած է եւս մէկ անձ, որ կը սպասէր յարձակողին:

Յոյն համայնքի ներկայացուցիչը այս հարցով քննադատութեան ենթարկած է քաղաքական գործիչները: Համայնքի ներկայացուցիչը նշած է, որ հասարակութեան մէջ պէտք է խթանուի փոքրամասնութիւններու` հաւասար քաղաքացիութիւն ունենալու գիտակցութիւնը, եւ այս հարցով մեծ պատասխանատուութիւն կը կրեն քաղաքական գործիչները:

«Երբ երկրին վարչապետը (նկատի ունի ներկայիս նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանը) հեռուստաեթերթով «կը ներէք արտայայտութեանս համար` հայ, կը ներէք` յոյն» խօսքեր կը հնչեցնէ, ի հարկէ ժողովուրդն ալ այսպէս պիտի մտածէ: Քըլըչդարօղլուն ալ (գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան ղեկավար) դատի կու տայ իրեն հայ անուանողները` վերջիներուն խօսքերը որակելով «կեղտոտ զրպարտանք: Քաղաքական կուսակցութեան առաջնորդները մեծ պատասխանատուութիւն կը կրեն»,- շեշտած է Իսթեֆանոպոլուսը:

Scroll Up