Տեղահանութենէն Փրկուած Հայ Կանանց Պատմութիւնները` Մէկ Գիրքի Մէջ
Օփերային երգչուհի ու գրող Անայիս Մ. Մարթինը իր վերջին գիրքին` «Եւ ճանապարհ ինկան»-ի մէջ վերադարձած է իր մանկութիւն, կը գրէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով Evrensel-ը:
Ան խօսած է մօրական տատի արցունքներուն եւ այն մասին, որ տատիկին պատմած հեքիաթներուն մէջ զգացած եւ ապրած է ցաւի հետքերը:
«Երբ փոքր երեխայ էի, այդ լացակումած վիճակի վրայ երբեմն կը զայրանայի: Ուրկէ՞ կրնայի իմանալ, որ տատս պատահականութեան արդիւնքով ողջ մնացած է»,-կ՛ըսէ գրողն ու կը նշէ, թէ այդ պատահականութիւնը ինչ մեծ ողբերգութեան հետեւանք եղած է:
Արշալոյս տատէն լսած պատմութիւններէն բացի` Անայիս Մ. Մարթինը այլ պատմութիւններ ակ գրի առած է:
«100 տարին ետեւ ձգած Մեծ Եղեռնի պատմութիւնները ընթերցողին ներկայացնելու ժամանակն է: Այդ մասին պէտք է գրուի, խօսուի»,-կ՛ըսէ հեղինակը:
«Եւ ճանապարհ ինկան» գիրքը բաղկացած է 15 տարբեր պատմութիւններէ: Իրական պատմութիւններու հիման վրայ ստեղծուած պատմութիւններուն մէջ պատմողները հերոսներն են:
Գիրքին վերնագիրը բոլոր պատմութիւններու սկիզբին կ՛առնչուի` «ճանապարհ իյնալ» այն պարագային, երբ ամէն ինչ բնականոն է, բոլորը բարեկամ են, ընկեր, սիրելի… Առտու մը ոստիկանները կը յայտնեն, որ հայերը ժամանակաւոր պէտք է տեղահանուին: Անոնք ճանապարհ կ՛իյնայ: Տուները, պարտէզները, ամենալաւ բարեկամները, ընկերները ետեւ ձգելով` ճամբայ կ՛ելլեն:
«Այնքան շատ է «ճանապարհ ինկանք» արտայայտութիւնը… 1915-ի Յուլիսի տապին ճանապարհ ինկանք: Այնքան տաք էր, արեւը մեր գլխուն կը հարուածէր ու կարծես կը փորէր մեր աչքերը: Ամիսները ջուրի նման հոսեցան: Ոչ եկող կար, ոչ ալ որեւէ լուր:
«Մասնատուած սէրեր, ընտանիքներ, բարեկամներ… Երկար տարիներ ճանապարհին կը սպասէին: Դեռ սպասողներ կան: Այդ ժամանակաշրջանին աքսորուած հայ տղամարդոց սպասող շատ կանայք մահացած են: Տեղահանութենէն ետք վերադարձողները կամ հիւանդ էին, կամ ալ իրենց փորին մէջ «բեռ» ունէին»,- կը նշուի գիրքին մէջ:
Անայիս Մ. Մարթինի գիրքին մէջ պատմողները կանայք են. տատիկը` Արշալոյսը, կեանքը փրկելու համար Մալաթիայէն ամուսնացած ու անունը Հայրիէ դարձրած Հայկանոյշը, որբանոցին մէջ մեծցած Գեղանոյշը, «սազի բանաստեղծը» փնտռող Ազատը…
«Ցեղասպանութեան մէջէն եկած, ցաւող դէմք ունեցող պատկեր մը: Իր ապրած մեծ ողբերգութենէն ետք կեանքին կապող միակ բանը այլոց պատմելու ուժը իրենց մէջ գտնելն է…
«Այս հողերու ամենահին ազգերէն հայերու վերապրած ցաւերը թէեւ որոշներու կողմէ կը ժխտուին, սակայն այսքան տարուան սպասումներէ ետք իրենց մէջ պատմելու ուժ կը գտնեն: Առերեսուելու շատ ճանապարհներ կան…
«Հարիւր տարուան լռութենէն ետք լսենք «տեղահանութենէն փրկուած» կանանց պատմութիւնները»,- գրուած է գիրքին մէջ: