Կիպրոսի մէջ վստահ են, որ ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման այլընտրանք չկայ

Կիպրոսի Հանրապետութեան բոլոր կառավարութիւները միշտ կողմ  արտայայտուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով լուծելու դիրքորոշման: Ինչպէս անցեալին, այսօր ալ պաշտօնական Նիքոսիոյ դիրքորոշման մէջ փոփոխութիւն չկայ:

Այս մասին, ըստ Արմէնփրէսի, յայտարարեց Կիպրոսի խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Վարդգէս Մահտեսեան` շեշտելով, որ նման տեսակէտ կը յայտնէ հիմնուելով այն շփումներուն վրայ, որոնք ունեցած է Կիպրոսի կառավարական ծիրին մէջ: Մահտեսեան կը նշէ, որ Կիպրոս նոյնպէս ունէր պատմական տարածքի խնդիր եւ այն նոյն տեսակէտը, որ Կիպրոսի կառավարութիւնը ունի կղզիի վերամիաւորման առնչութեամբ, ունի նաեւ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման առնչութեամբ:

«Պէտք է շարունակուին ջանքերը` ԼՂ հակամարտութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս լուծելու համար: Այս հիմնահարցը, բացի խաղաղ կարգաւորումէն, այլ լուծում չի կրնար ունենալ: Այս տեսակէտը բազմիցս լսած եմ Կիպրոսի կառավարական շրջանակներէն ներս»,- ըսաւ Մահտեսեան:

Հայ պատգամաւորը կը շեշտէ, որ համայնքը լուրջ քայլեր կը ձեռնարկէ որպէսզի Կիպրոսի ժողովուրդը աւելի լաւ ճանչնայ Արցախի պատմութիւնը: «Կիպրահայ գաղութը տարբեր առիթներով բազմաթիւ անգամ կազմակերպած է դասախօսութիւններ, ձեռնարկներ, որոնց մասնակցած են Կիպրոս այցելած բազմաթիւ արցախցիներ: Տարբեր շրջանակներու համար ցուցադրուած է Ցուետանա Փասքալեւայի «Ղարաբաղի վէրքերը» վաւերագրական ֆիլմը, որուն միշտ յաջորդած են աշխոյժ քննարկումներ: Աչալուրջ ենք, որ Ղարաբաղի ինքնորոշման եւ հիմնահարցի առնչութեամբ զգօն պահենք մեր շրջապատը եւ այդ գիծով անդադար աշխատանք կը կատարենք: Այս առումով շատ  կարեւոր կը համարենք Կիպրոսի Հանրապետութեան պատգամաւոր Էլէնի Թէոհարիոսի հետ համագործակցութիւնը, որ նաեւ ԼՂՀ պատուաւոր քաղաքացի է: Արցախեան հիմնահարցը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ ինչպէս Սփիւռքի գաղութներուն մէջ, այնպէս ալ մեր մօտ, քանի որ կը գիտակցինք, որ Արցախը Հայաստանի դարպասն է եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը կախուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումէն»,- ըսաւ Մահտեսեան:

Հայ պատգամաւորը կը շեշտէ, որ ինչպէս գաղութը, այնպէս ալ կիպրական կառավարութիւնը, անհանգստացած էին 2014թ. սահմանային սրացումներով, որոնք շարունակուեցան նաեւ այս տարուան առաջին ամիսներուն: Այս առումով պատգամաւորը կը նշէ, որ առաջին հերթին կողմերուն մօտ պէտք է վստահութիւն հաստատուի, ինչ որ թոյլ կու տայ խուսափիլ սահմանի զոհերէն: Միաժամանակ, պատգամաւորը խորհուրդ կու տայ սահմանային դէպքերու մասին առաւել շատ տեղեկութիւն ներկայացնել միջազգային հանրութեան, որպէսզի յայտարարութիւնները ունենան  հասցէատէր եւ միջազգային հանրութեան լայն շրջանակներն ալ ճիշդ պատկերացնում կազմեն հակամարտութեան ներկայ իրավիճակի առնչութեամբ:

 

Scroll Up