Մարսէյլի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանին Նուիրուած «Ծիրանի Ծաղիկ» Ցուցահանդէս
Երեք օր շարունակ Մարսէյլի մէջ պիտի ցուցադրուին հայ դասական եւ արդի նկարիչներու քանի մը տասնեակ ստեղծագործութիւններ, որոնք ֆրանսացի այցելուին պիտի պատմեն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով` Nouvelles d’Arménie-ն, «Ծիրանի ծաղիկ» անուանը կրող ցուցահանդէսին մեկնարկը Յունիս 19-ին է: Պիտի ցուցադրուին Լեւոն Թութունջեանի, Երուանդ Քոչարի, Մարիտիրոս Սարեանի, Արշիլ Կորքիի, Վարդգէս Սուրէնեանցի ստեղծագործութիւնները:
Ցուցահանդէսին նախաձեռնողը «Բարձր արուեստ» կեդրոնն է, որ անցեալ տարի «Արթ Մոնաքօ 2014» ցուցահանդէսի ժամանակ արժանացած է ամենաբարձր մրցանակին: Ցուցահանդէսին կայացման աջակցած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն ու «Marseille Provence 2015 Armenia» միութիւնը: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Յունիս 21: